2011-03-24 12:46:08

 Նաթալի Փորթմընի Շնորհակալութիւնը իր ՝՝մընէյճըր՝՝ին ,այն է Ալին Քէշիշեանին։


Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս, անցեալ փետրուար 27-ին տեղի ունեցաւ ՕՍՔԱՐ-ի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։ Արարողութեան ընթացքին, Լաւագգոյն դերասանուհի դասակարգի Օսքարը ստացած ՝՝Սեւ Կարապը՝՝ կինոյի դերով Նաթալի Փորթմըն, իր ծնողքէն ետք առաջին անձը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց, իր 18 տարուան մենէյճըր-ը Ալին Քէշիշեանը եղաւ ։
Նաթալի Փորթմըն, Ա. Քէշիշեանին 10 տարի առաջ յայտնած էր, թէ ան կը փափաքի պարային շարժապատկերի մը մէջ խաղալ. առ այդ Քէշիշեան զինք ներկայացուցած էր Հարվըրտ համալսարանի իր դասընկերոջ՝ բեմադրիչ Տերըն Արոնոֆսքիին, որ դերասանուհիին երազը վերջապէս իրականացուց։ Ալինի զարմիկը՝ Արա Քէշիշեան, CAA-ի մօտ (Creative Arts Agency ներկայացուցչութիւն) Նաթալի Փորթմընի ներկայացուցիչներէն մէկն է։ Անոնք գործակցած են դերասանուհիի ասպարէզին վերջին 3 տարիներուն ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.