Ահաբեկչութեան Վախի Ետ Դարձը Իսրայէլ ։ Զոհ Մը Եւ 40 Վիրաւորեալներ Երուսաղէմի մէջ
Կայացած Մահափորձին։
Կեդրոնական Երուսաղէմի մէջ երէկ փոխադրակառքերու կեդրոնի մը ականահարումը պատճառեց զոհ
մը եւ քառասուն վիրաւորեալներ: Ոչ ոք ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն
իսրայէլեան իշխանութիւնները պաղեստինցիները ամբաստանեցին: Միւս կողմէ նաեւ հրթիռ
մը հարուածեց հարաւային Բերսեբա քաղաքը` թեթեւ կերպով վիրաւորելով անձ մը, եւ այլ հրթիռներ
հարուածեցին հարաւային Իսրայէլը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք սպառնաց
Համասին հակադարձել: «Պիտի չարտօնենք իսրայէլացի քաղաքայիններուն վնաս հասցնել, ո՛չ հարաւի
մէջ, ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ», ըսաւ Պարաք: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան
բանբեր Մենհա Պախում սակայն զգուշացուց Իսրայէլը Կազայի դէմ զինուորական գործողութիւն
մը կատարելէ: «Բռնարարքներու մագլցումը պիտի չծառայէ որեւէ կողմի շահերուն, ինչպէս նաեւ
պիտի չծառայէ ոչ խաղաղութեան եւ ոչ ալ կայունութեան » ըսաւ ան: