2011-03-23 12:33:38

Վատիկանի ֆեյսպուքը նուիրուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին։


Անցեալ 21 մարտին Վատիկանը իր գոհունակութիւնը յայտնած է ի տես ֆեսպուքի ընկերային ցանցին` նուիրուած Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման, գտած մեծ յաջողութեան համար։
Վատիկանի մամուլի գրասենեակին տուած տեղեկութեան համաձայն, մէկ շաբաթ առաջ` 14 մարտին սկսած էր բանիլ վատիկանի ֆեյսպուքի էջը. Միջին հաշիւով օրական շուրջ 50 հազար այցելուներ` Իտալիյաէն մինչեւ Չինաստան, այցելած են ֆեյսպուքի տեսերիզները եւ աւելի քան 30,000 հոգիներ իրենց դրական տպաւորութիւնները հաղորդագրած են։ Արդարեւ Վատիկանի հեռուստատեսիլի կեդրոնը Վատիկանի ձայնասփիւռին հետ միասին նախաձեռնած են պատկերասփռել ֆեյսպուքի ու Եութուպ ''նեդ Ուորք'' հաղորդակցութեան շղթաներու միջոցաւ լեհ Քահանայապետի յայող տեսերիզներ եի տեղեկութիւններ ի տես անոր երանացման արարողութեան յառաջիկայ մայի մէկին։ Այս նախաձեռնութիւնը արդէն մեծ յաջողութիւն գտած է։
Նշենք թէ Եկեղեցին շատ մօտէն կը հետեւի ու մեծ կարեւորութիւն կու տայ արդի ընկերային բոլոր հաղորդակցութեան միջոցներուն անոնց միջոցաւ ճանչցնելու եւ տարածելու Աստուծոյ խօսքը։
Վատիկանի ֆեսպուքի բանալին տեսէ'ք. www.facebook.com/vatican.johnpaul2








All the contents on this site are copyrighted ©.