2011-03-23 12:32:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի մարտ 23, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Պրինտիզիի Սուրբ Լորան քաբուսին քահանայի կեանքի վրայ։Ան - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - բազմալեզուանի անխոնջ քարոզիչ մըն էր։Սւորբ Լորան սատարեց քրիստոնէական կեանքի խորացումին ու անոր նորոգումին հրաւիրելով բոլորը հաւատքի վրայ հիմնուած առաքինի կեանք մը ապրելու։Հակառակ իր բազմաթիւ զբաղումներուն Լորան շատ ժամանակ կը յատկացնէր աղօթքի` հրաւիրելով նաեւ քահանաներն ու նորնծաները իրեն օրինակին հետեւին։
Եթէ ներքնապէս Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ չենք ոչ մէկ բան կրնանք տալ ուրիշներուն կ՛ըսէր ան։
Ըլլալով Սուրբ ֆրանչիսկոսի հետեւորդներէն մէկը Սուրբ Լորան եղաւ իր կարգին խաղաղութեան առաքեալ։ Այսօր եւս - յարեց նորին սրբութիւնը - բոլոր անոնք որոնք Աստուծոյ կը հաւատան պէտք են ըլլալ խաղաղասէր ։

Սուրբ Լորանի ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը ներշնչուած է Սուրբ Գիրգէն։Իրեն համար Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելը եւ զայն գործադելը ներքին յեղաշրջում մը կը ստեղծէ որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի սրբութիւն։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Ապա Սրբազան Հայրը յատուկ խօսք մը ուղղեց նորապսակեալներուն` հիւանդներուն եւ երիտասարդներուն անդրադառնաեով քառասնորդաց շրջանի նշանակութեան ու հրաւիրելով զանոնք ապրելու Քրիստոսի օրինակով որ իր կեանքը տուաւ մեր փրկութեան համար` ըսաւ նորին սրբութիւնը ու ապա տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը զոր այժմ լսելի կ՛ընենք ձեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.