2011-03-23 13:09:56

Նախագահ Սարգսեանի Այցելութիւնը Մեսրոպ Մաշտոց Գիտահետազօտական Հիմնարկը։
 


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ օր այցելեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկը եւ շրջագայեցաւ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքին մէջ, ուր աւարտին կը հասնին ներքին յարդարման եւ հիմնական բարեկարգման աշխատանքները: Նշենք, որ 2007-ին օրուան վարչապետ Սերժ Սարգսեան ծանօթացած էր Մատենադարանի նոր, ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան մասնաշէնքի նախագիծին, իսկ 2008-ին իբրեւ երկրի նախագահ մասնակցեցաւ մասնաշէնքի հիմնարկէքի արարողութեան:
Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան նշեց, որ նախագահ Սարգսեանի այցելութեան ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Մատենադարանի հին մասնաշէնքի վերանորոգման հարցը, իսկ նոր մասնաշէնքը կը նախատեսուի սեպտեմբերին շահագործման յանձնել: Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի շինարարական աշխատանքները կ՛իրականացնէ «Մատենադարան» հիմնադրամը:







All the contents on this site are copyrighted ©.