2011-03-23 12:34:29

Կարտինալ Սանտրին ցաւ կը յայտնէ ի տես Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն զանքուածային գաղթին` զօրակցութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կ'ապրին այդ հողին վրայ ուր Քրիստոսւ ծնաւ։


Կարտինալ Սանտրի` Արեւելեան Եկեղեցիներուն կառավարիչ, կոչ կ'ուղղէ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն նիւթական օժանդակութիւն տալու Ս. Երկրի բնակիչներուն։ Դրամահաւաքը պիտի կատարուի, ըստ աւանդութեան, Աւագ Ուրբաթ օրը, 22 ապրիլին։ Կարտինալ Սանտրին աշխարհի բոլոր թեմերուն իր ուղարկած նամակով ցաւով կը յայտնէ թէ Ս. Երկրի քրիստոնեաները զանգուածային գաղթ կը կատարեն բռնութիւններու ու հալածանքի աճումին հետեւանքով։ Ս. Երկրի քրիստոնեաները դարձած են փոքրամասնութիւն մը եւ կարիքը ունին մեր դրամական օգնութեան կը գրէ ծիրանաւորը իր նամակին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.