2011-03-22 11:56:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գերմանիա Կատարելիք Այցելութեան Բնաբանն Է. ''Ուր Աստուած Կայ, Այնտեղ Է Ապագան ''։


Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասը, մամուլին յայտնած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 22-25 սեպտեմբերին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան բանաբանը ''Ուր Աստուած կայ, այնտեղ է ապագան ''։ Այս խօսքը առնուած է Սրբազան Քահանայապետին Աւստրիոյ մէջ արտասանած խօսքէն 8 սեպտեմբեր 2007ին։
Գերմանացի եպիսկոպոսները ընդգծեցին թէ՝ պէտք է նկատի առնուի օտարներու ներկայութիւնը Սրբազան Քահանայապետին կատարելիք ծիսակատարութիւններուն, քանի որ կը նախատեսուի մասնակցութիւնը մեծ թիւով օտարներու ։ Նշենք թէ Պերլինի կաթողիկէներուն 5 տոկոսը օտարներ են, առանց հաշուելու ֆրանսացիները, զուիցերացիները եւ Աւստրիացիները։ Նոյնպէս եպիսկոպոսները խօսեցան Սրբազան Քահանայապետին ճամբորդութեան համամիութենական ծաւալին մասին, նկատի ունենալով լիւտերականներու ներկայութիւնը Էրֆուրդ` Թիւրինկ մարզին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.