2011-03-22 12:33:26

Դեսպան Մեթիու Պրայզա Կը Քննադատէ Ստեփանակերտի Օդակայանին Դէմ Ազրպէյճանի Սպառնալիքները։


Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա «անընդունելի» որակեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, ներառեալ` քաղաքացիական օդանաւերու նկատմամբ ուժի կիրարկման սպառնալիքը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Մեթիու Պրայզա անդրադարձաւ 17 մարտին ԵԱՀԿ-ի ուղղած կոչին` արձակազէնները հեռացնելու մասին եւ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի կողմէ քննութեան կայացումը` շփման գիծին մօտ 9-ամեայ ազրպէյճանցի տղուն եւ ուրբաթ օրը հայ զինուորի սպանութեան փաստերուն առնչութեամբ:
Պրայզա նշեց, որ մահուան այդ դէպքերը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ ուժի գործադրումը պէտք է դատապարտման արժանանայ:
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ընդգծեց, որ ինչպէս համանախագահները շարունակաբար յայտարարած են, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի:
Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճան` անդրադառնալով Ստեփանակերտի մէջ քաղաքացիական օդակայանի վերակառուցման եւ մայիսին ՝՝Երեւան-Ստեփանակերտ՝՝ թռիչքներու բացման մասին լուրերուն, սպառնացած էր «անհետացնել օդանաւերը»` փաստարկելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդային փակ տարածքը կը գտնուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններու տնօրինումին տակ:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Պրայզա կողմերուն կոչ ուղղեց լուծելու քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութեան խնդիրները, նախքան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր օդակայանի բացումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.