2011-03-22 11:56:53

Աւելի Քան Մէկ Միլիոն Երիտասարդներ Կը Սպասուին Մատրիտի ՄԷջ, Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26-րդ Օրուան Համար։


Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, 16 էն 21 օգոստոս 2011՝ այս օրերը սպանական ուրախութեան ու ցնծութեան բնոյթ պիտի ունենան ։
Տակաւին հինգ ամիս կայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան եւ կը սպասուի աւելի քան մէկ միլիոն երիտասարդներու մասնակցութիւնը Մատրիտի այս հաւաքին։
Հայր Սիերվան՝ պատասխանատուն Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26-րդ Օրուան, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ արդէն 300 հազար երիտասարդներ արձանագրուած են, անոնցմէ 50 հազարը ֆրանսացի, 17,000 ԱՄՆ.էն եւ 10,000 լեհ են։ Այս առթիւ, ըսաւ ան , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Խուան Գարլոս արքային հետ, երկրի վարչապետ Զաբաթերոյի եւ ընդդիմութեան ղեկավար Ռախոյի հետ, ինչպէս նաեւ Մատրիտի քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։
Հայր Սիերվանի գնահատումով Մատրիտի երիտասարդութեան օրերը պիտի յատկանշուին սպանական բնոյթ ունեցող տօնակատարութիւններով, ուրախութեամբ եւ լուսնա-գիշերներու հանդիսութիւններով, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններ պիտի կազմակերպուին '' հաւատքի եւ մշակոյթի միջեւ կապը '' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.