2011-03-22 12:11:54

«Կը Մաղթենք, որ Ռայի բոլոր Լիբանանցիներու Միաւորողը ըլլայ » Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի։


Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Պշարա Ռայի պատրիարքը լիբանանցիներուն եւ քրիտոնեայ համայնքին դիմագրաւած դժուար հանգրուաններուն ընթացքին պատրիարք ընտրուած է:
Ան շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը հոգեւոր մեծ հեղինակութիւն է բոլոր քրիստոնեաներուն համար` մաղթելով, որ ան բոլոր լիբանանցիները միաւորողը ըլլայ:
«Մենք կը հաւատանք, որ Ռայի պատրիարքը կարողութիւնը ունի ստանձնելու այդ հսկայ պատասխանատուութիւնը եւ մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները անոր տրամադրութեան տակ կը դնենք», ըսաւ ան` նշելով, որ մենք նոր հանգրուանի մը դիմաց կը գտնուինք եւ կ՛ակնկալենք, որ ան քրիստոնեայ բոլոր կողմերը համախմբէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.