2011-03-22 12:40:10

 2011-ը՝Հայ Մանուկի Տարին
(Հռչակուած Արամ Ա.Վեհափառի Կողմէ)


ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ։
Մանուկին Դաստիարակութեան Անհրաժեշտութիւնը։

Զուր տեղը չէ՛ որ Աստուածաշունչը մարդու կեանքին կանուխ տարիները այնքան կը շեշտէ, իբրեւ մանուկը դաստիարակելու ամէնէն կարեւոր ժամանակաշրջանը: Փաստօրէն, սակայն, ամէն ծնողք յաջողութիւն չի՛ գտներ այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ: Անոնցմէ ոմանք գործի գացող ծնողներ ըլլալով, (յատկապէս մայրերու պարագային), տրամադրելի լայն ժամանակ չեն ունենար իրենց զաւակներուն դաստիարակութեամբ զբաղելու: Ուստի, մանուկներուն խնամքն ու դաստիարակութիւնը կը յանձնուի կա՛մ մեծ մայրերուն եւ կամ ալ խնամատար սպասուհիներուն, որոնք անկասկած թերի պիտի թողուն այս աշխատանքը, չկարենալով լրացնել մայրական անփոխարինելի կրթութիւնը:

Մանուկներուն տրուած թերի դաստիարակութիւնն է որ ապագային աղէտ պիտի դառնայ աշխարհին, երբ անոնք շուտով մեծնան, ու իրենց ծնողքէն ստացած դաստիարակութեամբ մտնեն կեանքի թատերաբեմը:
Այնպէս ինչպէս ամէն ինչ իր ճիշդ ժամանակին երբ կատարուի աւելի՛ հաւանականութիւն կ՛ունենայ արդիւնաւէտ ըլլալու, նոյնպէս ալ մարդուն դաստիարակութիւնը իր ճի՛շդ ժամանակին կատարուելու է, որպէսզի պտղաբերի ապագային: Առակաց գիրքին իմաստուն հեղինակը շեշտելով այս մտածումը, կ՛ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը, իր ճամբան սկսած ատեն» (Առ 22.6): Ապա նաեւ կ՛աւելցնէ ապահովութիւնը իր տուած խրատին, թէ՝ երբ մեծնայ իր ճամբէն պիտի չխոտորի:
Առաջին իսկ ընթերցմամբ, թէեւ դրական թուացող այս խրատը, այն տպաւորութիւնը կը թողու, թէ ամբողջութեամբ ճշմարտութեան չի՛ համապատասխաներ: Որովհետեւ ծնողներէն շատեր իրենք պիտի ըսեն, թէ՝ «թէեւ մենք լաւ դաստիարակութիւն տուինք մեր զաւակին, սակայն անիկա մոլորեցաւ այդ ուղղութենէն ու ինկաւ այնպիսի ճամբաներու մէջ, որոնք խոտոր կը համեմատին մեր քրիստոնէական վարքին ու Աստուածաշնչական սկզբունքներուն»:
Նման պարտուողական մօտեցումներ երբէք հարազատ չեն իսկական ծնողի տիպարին, որ ընկրկիլ չի՛ գիտեր, ո՛չ ալ կը վախնայ կեանքի անակնկալներէն: Կեանքի պայքարին մէջ մտած մարդը, անոր ամեհի ալիքներուն վրայէն պիտի առաջնորդէ իր մակոյկը, ապահով հասցնելու զայն խաղաղ նաւահանգիստ: Ուստի, իրենց տուած քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեան ապաւինելով, ծնողներ պէտք է աչալուրջ հետեւին անոնց պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան տարիներուն: Ճիշդ է, արբունքի ու պատանութեան տարիներու յատուկ ըմբոստութեամբ, կամ տարեկից ընկերներու հետ զրուցատրութեամբ կրնան որոշ ժամանակ անտեսել այն դաստիարակութիւնը զոր ստացած էին իրենց կանուխ մանկութեան տարիներուն, սակայն մտահոգիչ չէ՛ այս երեւոյթը: Արմատն է կարեւորը: Հիմքն է էականը: Այն ծնողքը որ վստահ է իր ցանած հունտին լաւորակ ըլլալուն, անպայման իր ժամանակին բարի հունձք պիտի քաղէ: Որովհետեւ քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւն ստացած երեխան, անպայման պիտի վերադառնայ իր արմատին, ուշ թէ կանուխ պիտի յիշէ այն օրէնքները, որոնք իր ծնողքին ու յատկապէս մօր կողմէ տաղուած էին իր սրտի օրինագիրքին վրայ:
Ողբերգութիւն կը դառնայ անշուշտ այն ընտանիքին կեանքը, երբ անոր մայրը ազնուութեան, քրիստոնէական կրթութեան կարօտ կ՛ըլլայ, ընդհանրապէս գաղափար չունենալով թէ որո՞նք են մարդկային առաքինութիւնները, զորս պէտք է փոխանցէ իրմէ ծնած զաւակներուն:
Այս իմաստով անփութութիւնը շատ աւելի մեծ մեղք է, քան՝ զաւակը ճիշդ ժամուն չկերակրելը: Կաթին ուշացման չտոկալով, մանուկին նորածիլ ստամոքսը, կրնայ պատճառ դառնալ անոր աղիողորմ լացին ու երեխայական ճիչերուն: Սակայն, առաքինութիւններով զայն լիացնելու գիտակից արարքը, կրնայ կանխարգիլել ապագայ անկանխատեսելի դժբախտութիւններ:







All the contents on this site are copyrighted ©.