2011-03-21 12:36:35

Սուտանի Մէջ Եկեղեցիները Մտահոգ Են Երկրին Մէջ Տեղի Ունեցող Բռնարարքներուն Ի Տես։


Սուտանի եկեղեցիներու պատասխանատուները ժողով մը գումարած են , Ժուպայի մէջ, հանրաքուէէն ետք, քննարկելու՝ Սուտանի ներկայ կացութիւնը եւ ապագայի մարտահրաւէրները։ Եպիսկոպոսները, իրենց յայտարարութեան մէջ յանձն առած են արթուն մնալ. հսկել ու չլռել անարդարութեան ու մարդու իրաւունքերու զանցառութեան ի տես։ Անոնք շնորհաւորած են հանրաքուէի խաղաղ ընթացքը, միաժամանակ ցաւ կը յայտնեն ի տես բռնութիւններուն որոնք տակաւին կը շարունակուին, ուստի կը խոստանան առաւել ճիգ թափել սատարելու ազգի բարւոքումին ու ժողովուրդին մէջ հաշտութեան ի խնդիր, ու գործելու խաղաղութեան ու արդարութեան վերակերտումին համար։ Յայտարարութեան մէջ եպիսկոպոսները կը հաստատեն թէ Սուտանի Հիւսիսային եւ Հարաւային մասերը իրենց անկախութիւնը պահելով հանդերձ միասնաբար պիտի համագործակցին երկու պետութիւններու բարգաւաճումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.