2011-03-21 12:34:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 11ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը։
Ապա ժամը 11.45ին ընդունեց Ասորի Մալանքար եկեղեցւոյ Պատրիարքը` Գերերջանիկ Պազէլիոս Գլիմիս Թոթունգալը ու անոր ընկերացող երկու եպիսկոպոսները եկած իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին իսկ ժամը 12 ին նոյն առիթով ընդունեց ուրիշ երկու եպսիկոպոսներ։
Նշենք թէ երէկ 20 մարտին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Միւնէխի եւ ֆրէյզինկի Բոփողոգական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Րէյնարտ Մարգսը ու թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս ֆրիէտէրիք Վեթթերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.