2011-03-21 12:17:46

Լիպիոյ Վերեւ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին։ Ռմբակոծումի Ենթարկուած Թրիբոլիի Մէջ Գտնուող Կէտտաֆիի Սպայակոյտի Կեդրոնը ։


 Արեւմտեան համախմբումի ուժեր «Ոդիսականի արշալոյսը» անունը կրող գործողութեան ծիրին մէջ հարուածեցին Լիպիոյ օդային պաշտպանութեան համակարգը եւ երէկ անոնց օդուժէն օդանաւեր շրջեցան երկրին վերեւ։Մինչ այդ Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղարը քննադտած է «քաղաքայիններու ռմբակոծումը»:
Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Կէտտաֆի խոստացաւ պարտութեան մատնել արեւմտեան ՝՝ահաբեկիչ՝՝ ուժերը եւ իր ուժերն ու հրասայլերը ուղարկեց յարձակելու ծովեզերեայ Միսրաթա քաղաքին դէմ, ուր բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Կէտաֆֆի արեւմտեան ուժերու յարձակումը «խաչակրութիւն» կոչեց իր ռատիօպատգամին մէջ, յայտնելով, որ քրիստոնեաները կ՛ուզեն իսլամութիւնը բնաջնջել:
Եւրոպական եւ ամերիկեան ուժեր շաբաթ օր ռմբաձիգներով եւ «Քրույզ» տիպի հրթիռներով հարուածեցին Կէտտաֆին` ՄԱԿ-ի որոշումին հիմամբ, արգելք հանդիսանալու համար, որ ան իր 41 տարուան իշխանութիւնը պահելու ջանքով մը իր քաղաքացիները սպաննէ,յատկապէս յարձակելով Պէնկազիի վրայ:

Սակայն Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա յայտնեց որ ՝՝ մեր ուզածը քաղաքայիններու պաշտպանութիւնն է եւ ոչ թէ քաղաքայիններու յաւելեալ ռմբակոծումը»:
Արաբներու զօրակցութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ արեւմտեան միջամտութեան ճամբան հարթող ՝՝թիւ 1973՝՝ բանաձեւին կենսական ազդակներէն է այս զինուորական գործողութեան ։
Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ ծովակալ Մայք Մալլըն յայտնեց, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտին իսկապէս հաստատուած է, սակայն զինուորական գործողութեան վերջնական արդիւնքի պատկերացումը « անստոյգ» է:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ կոչ ուղղեց բռնարարքներու անմիջական դադրեցման, ինչպէս նաեւ Կէտտաֆիի` իշխանութենէն հեռացման:







All the contents on this site are copyrighted ©.