2011-03-21 12:25:12

ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահները Յայտարարութիւն Մը Հրապարակեցին։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 15-17 մարտին Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած իրենց այցելութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ հրապարակած են  յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` օգտուելու Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումին դրական ազդակներէն, կեդրոնացնելու ուշադրութիւնը առաջնահերթ խնդիրներու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնութիւն ձեռք բերել տագնապի հիմնարար սկզբունքներու հարցին մէջ:
Ըստ ԵԱՀԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան, համանախագահները կողմերուն հետ քննարկած են շօշափելի միջոցառումներ, որոնք ուղղուած են Սոչիի մէջ ընդունուած միացեալ յայտարարութեան պարտաւորութիւններու կատարման: Անոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին զինադադարի դրութեան խախտումներուն վերաբերեալ հետաքննութիւն կատարելուն:
Համանախագահները նաեւ ընդգծած են, որ Սոչիի հանդիպումէն առաջ եւ յետոյ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերը ցոյց տուին, որ արագօրէն անհրաժեշտ է նման դրութիւն ստեղծել, եւ կողմերուն կոչ ուղղած են պահպանելու զինադադարի դրութիւնը: Անոնք յիշեցուցած են շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու մասին առաջարկը եւ ափսոսանք յայտնած, որ այդ առաջարկը իրականութիւն չէ դարձած, որովհետեւ կարելի պիտի ըլլայ փրկել անմեղ մարդոց կեանքերը:
Համանախագահները երկու երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացուցած են նաեւ տագնապի գօտիին մէջ կատարուած գնահատման առաքելութեան զեկուցումը եւ նշած, որ անիկա պիտի հրապարակուի Վիեննայի մէջ` 23 մարտին:







All the contents on this site are copyrighted ©.