2011-03-20 12:53:15

Սուրբ Գորպինիանոս


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Գորպինիասոսի յաջորդներէն մին է որով 1977 - 1982 եղած է Մոնաքոյի - ֆրէյզինքի Արքեպիսկոպոսը։ Նորին Սրբութեան պապական զինանշանը կը կրէ Սուրբ Գորպինիանոսի առջը։ Սուրբ Գորպինիանոսի առջի պատմուածքը հիմնուած է Սուրբ Կորպինիասոի դէպի հռոմ երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին պատահած դէպքին` առջ մը յարձակելով սուրբին վրայ կը սպաննէ անոր չորին։ Գորպինիանոս ջղայնացած հրաման կու տայ առջին որ ինք շալկէ չորիին շալկած գոյքերը ու վրան հեծնելով կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնը։ Առջը կը հնազանդի ու հեզաբարութեամբ կը կատարէ սուրբին հրամայածը զինք առաջնորդելով մինջեւ Յաւիտենական Քաղաք ուր սուրբը զինք ազատ կ՛արձակէ։
Սուրբ Գորպինիանոս ծնած է ֆրանսայ Շադր քաղաք։ Անոր հայրը կը մահանայ իր ծնունդէն առաջ եւ այս պատճառաւ ան կը ստանայ իր մօր անունը Գորպինիանոս։ Մանուկ հասակէն իսկ կոչումը կը զգայ վանական կեանքին եւ իր մօր մահէն ետք կը քաշուի Սուրբ Գերմանիոս մենաստանը, ուր իրեն կը հետեւին ուրիշներ։
Սուրբ Պետրոսի հանդէպ ունեցած բարեպաշտութիւնը զինք եւ իր եղբայրակիցները կը մղէ ուխտագնացութիւն կատարելու դէպի Հռոմ, 713 թուականին, ուր Գրիգոր Բ քահանայապետը հմայուած անոր հոգեւորութենէն զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ ու իրեն կը յանձնէ Պավիէրայի աւետարանացման առաքելութիւնը ։Գորպինիանոս շրջուն առաքելութիւն կատարելէ ետք, 723-ին Հռոմ կը վերադառնայ սրբազան Քահանայապետէն խնդրելով որ զերծ ընէ զինք այս պաշտօնէն սակայն քահանայապետը կը մերժէ ու կը հրամայէ որ ան հաստատուի ֆրիզինկայի մէջ ու կազմակերպէ շրջանի աւետարանացումը։ Սուրբ Գորպինիանոս հոն կը հիմնէ Սուրբ Ստեբանոսի Վանքը որ կը դառնայ նաեւ եպիսկոպոսական աթոռ։
Սուրբ Գորպինիանոսի մահէն ետքն, ֆրէյզինքի թեմը պաշտօնապէս կը ճանչցուի եկեղեսիէն բայց եւ այնպէս ան նկատուած է այս թեմի հիմնադիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.