2011-03-20 12:52:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Սուրբ Գորպինիանոսի Եկեղեցւոյ Օծման Արարողութեան Ընթացքին։


Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնը յայտնեց գլխաւորելու ծիսակատարութիւնը եկեղեցւոյ մը որ նուիրուած է ս. Գորպինիանոսին։ Նախախնամութիւնը այնպէս կարգադրեց որ ասիկա կատարուի Քառասնորդացի կիրակին, որ կը խօսի Յիսուսի այլակերպութեան մասին։
Այլակերպութեամբ Հայր Աստուածը իր Միածին Որդին յայտնեց Յիսուսի ընկերացող երեք առաքեալներուն ըսելով. ''Ասիկա իմ Որդիս է, սիրեցեալը, Անոր մէջ դրած եմ իմ հաճութիւնս, Անոր մտիք ըրէք''։ Այս դէպքով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը առաքեալները պատրաստուեցան Յիսուսի զատկական խորհուրդին` չարչարանք, խաչելութիւն եւ յարութիւն։ Ուստի, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Այլակերպութեամբ յայտնի եղաւ թէ ով որ կ'ուզէ Աստուած ճանչնալ պէտք է Յիսուսի մտիք ընել։ Յիսուս` Հօր Աստուծոյ սրբութեան եւ ողորմութեան կատարեալ յայտնութիւնն է։ Հետեւաբար ով որ կ'ուզէ ապրիլ Աստուծոյ կամքին համաձայն, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը, պէտք է Յիսուսի հետեւիլ, ընդունիլ անոր խօսքերը եւ Ս. Հոգւոյ օգնութեամբ խորացնել զանոնք։ Այս է առաջին հրաւէրը որ կ'ուզեմ ձեզի ուղղել սիրեցեալ հաւատացեալներ։ Աճեցէք Քրիստոսի սիրոյ ճանաչումին մէջ թէ անհատապէս թէ միասնաբար որպէս ծխական համայնք։ Յիսուսի հանդիպինք ամենասուրբ Հաղորդութեան մասնակցելով, Անոր Աւետարանը կարդալով, աղօթելով ու եղբայրօգնութիւն կատարելով։
Ապա Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցի բառին նշանակութեան` որպէս կառոյց եւ որպէս համայնք։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորպէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին այս եկեղեցւոյ շինութեան համար։ Այս ս. սեղանին շուրջ համախմբուած, կը գիտակցինք, թէ ամէն քրիստոնեայ հասարակութեան առաքելութիւնն է մեր շրջապատին յայտնել Աստուծոյ դիմագիծը եւ հաղորդել Աստուծոյ սէրը, ահա այս պատճառաւ կարեւոր է որ ամենասուրբ հաղորդութիւնը ըլլայ կեդրոնը մեր կեանքին։ Այսօր մենք կ'ապրինք կարեւոր օր մը` պսակումը շատերու թափած ջանքին ու յոգնութեան։ Եկեղեցին կ'ուզէ ներկայ ըլլալ քաղաքի բոլոր թաղամասերու մէջ կազմելով հաւատացեալներու ընտանիքը։ Ինչպէս որ իրականացաւ ծխական շէնքը այնպէս կ'ուզեմ քաջալերել ձեզ կազմելու, կերտելու եկեղեցւոյ ողջ քարերը` որ դուք էք։ Պօղոս առաքեալը կորնթացիներուն կը գրէ. ''դուք Աստուծոյ դաշտը, Աստուծոյ կառոյցը եւ Աստուծոյ տաճարը'' որովհետեւ հաստատուած հիմէն զատ, Յիսուս Քրիստոս, ոչ ոք կրնայ ուրիշ հիմ դնել։ Այս պատճառաւ, ես ալ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզը եզրափակելով, կը յորդորեմ ձեզ որ ձեր նոր եեկեղեցին դարձնէք վայրը, ուր մէկը կը սորվի Աստուծոյ խօսքը լսել ու գործադրել։ Եկեղեցին մշտատեւ դպրոց է քրիստոնեական կեանքին, ընտանիքը ընտանիքներու, կարող` բաժնելու իւրաքանչիւր անդամին ուրախութիւններն ու անխուսափելի դժուարութիւնները։ Ս. Կոյս Մարիամին կը յանձնենք մեծ Պահքի այս շրջանը։ Տիարամայրը, որ Յիսուսի ետեւ քալեց մինչեւ խաչը, օգնէ մեզի րլլալու հաւատարիմ աշակերտները Քրիստոսի, մասնակցելու համար Յարութեան ուրախութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.