2011-03-20 10:09:34

Նախախնամութիւնը - Հաւատամք ի մի Աստուած


Թորոսը հաւատացեալ էր։ Բառին բուն իմաստով՝ Աստուածավախ, Աստուածասէր, եկեղեցասէր, այսինքն՝ երկու խօսքով, չափազանց կրօնապաշտ էր։ Ամէն Կիրակի առաւօտ, հազիւ թէ աչքերը բանար, կ'աղօթէր, երեսը երեք անգամ կը խաչակնքէր, կ'ածիլուէր, Կիրակի օրուան մաքուր հագուստները ու կօշիկները կը հագուէր, եւ վազելով կ'երթար մեր շրջանի եկեղեցին, ուր երկիւղածութեամբ կը հետեւէր կիրակնօրեայ սուրբ արարողութեան։ Իր բարեկամները երբեք չզարմացան, երբ օրին մէկը իրենց յայտարարեց
-Զորեքշաբթի օր պիտի ճամբորդեմ դէպի Դինոս կղզին։
-Խէր ըլլայ, Թորոս, այս պաղուն դուն ի՞նչ գործ ունիս Դինոս կղզին, համարձակեցան բարեկամները։
-Դինոս կղզիին վրայ կը գտնուի Մարիամ Աստուածածինին նուիրուած փառաւոր եկեղեցի մը, ուրեմն հոն պիտի երթամ, որպէսզի իր սրբութեանը աղօթեմ։
-Աղէկ, հարկ կա՞յ ձմեռ ատենով մինչեւ հոն երթաս, եթէ այստեղէն աղօթես, Աստուածածինը աղօթքդ չընդունի՞ր հարցուցին բարեկամները։
Անշուշտ որ ձեզի նման անհաւատներէ չէի սպասեր, որ հասկնաք նման ուխտագնացութեան մը կարեւորութիւնը՝ ըսելով, Թորոսը բաւական սրտնեղած մեկնեցաւ իր բարեկամներուն քովէն։
Խղճի խայթ ունենալով՝ բարեկամները յաջորդ առաւօտ հեռաձայնեցին իրենց ընկերոջ ու, ներողութիւն խնդրելով իրմէ, բարի ճամբորդութիւն մաղթեցին իրեն։ Թորոսը իր բարեկամներուն ներողութիւնը ընդունեց ու խնդիրը հոն վերջացած համարուեցաւ։
Չորեքշաբթի առաւօտ կանուխէն, Թորոսը արթնցաւ, ըստ իր սովորութեան աղօթեց, լուացուեցաւ, սուրճ մը խմեց եւ ապա մեկնեցաւ դէպի նաւահանգիստ։ Նաւահանգիստ հասնելուն պէս, ուրիշ ճամբորդներու նման, ինքը եւս նաւուն վրայ բարձրացաւ։ Չմոռցած պէտք է ըսել, որ օդը բաւական աննպաստ էր, ու փչող սաստիկ քամիները հսկայ ալիքներ կը բարձրացնէին ծովուն մակերեսին վրայ։ Թորոսը միւս ճամբորդներուն նման չէր վախնար։ Սրտանց կ'աղօթէր Աստուծոյ ու վստահ էր, որ Արարիչը հեռու պիտի պահէր բոլոր չար փորձանքներէն իրեն նման հաւատացեալ մը։
Նախորոշեալ ժամուն նաւը հրաժեշտ տուաւ նաւահանգիստին, իրագործելու համար իր սովորական ճանապարհաերթը։ Նաւուն ճամբայ ելելէն հազիւ մէկ-երկու ժամ անցած էր, երբ յանկարծ երկինքը խաւարեցաւ ու սկսաւ իջնել տեղատարափ անձրեւ մը։ Յաջորդաբար պայթեցաւ վայրագ փոթորիկ մը ու հսկայ ալիքներ սկսան կատաղութեամբ բախիլ նաւուն, որ այդքան ճնշումին չդիմանալով՝ սկսաւ արագօրէն ընկղմիլ։ Նման միւս ճամբորդներուն, Թորոսն ալ գտնուեցաւ ալեկոծ ծովուն մէջ ու սկսաւ լողալ եւ միաժամանակ աղօթել՝ կեանքը ազատելու նպատակով։ Բարեբախտաբար առջեւը գտնուեցաւ պարապ տակառ մը, միայն Աստուած գիտէ, թէ ինչպէ՛ս Թորոսը իր երկու ձեռքերով ամուր մը փաթթուեցաւ անորէ։ Փոթորիկը երթալէն կը զայրանար ու կեանքը ազատելու ուրիշ միջոց մը չգտնելով, Թորոսը սկսաւ մէկ աւելի սրտանց աղօթել Աստուծոյ, սրտանց աղաչեց ու չես գիտեր ինչպէս, յանկարծ, լսուեցաւ Ամենակալին ձայնը Թորո՜ս... Թորո՜ս... լսեցի սրտաճմլիկ աղօթքդ ու որոշեցի քեզի փրկել, ուրեմն մի վախնար ու յոյսդ մի կտրեր, որովհետեւ ե՛ս քեզի պիտի փրկեմ լսեցի՞ր ըսածս, միայն ե՛ս կրնամ քեզի փրկել ուրեմն՝ աղօթք ու համբերք։
Թորոսը այս խօսքերէն ուժ առնելով սկսաւ մէկ աւելի սրտանց աղօթել ու զօրաւոր լողալ՝ սպասելով Աստուծոյ խոստացած փրկութիւնը։ Որոշ ժամանակ ետք, նաւակ մը երեւցաւ ու նաւաստիները, նկատելով Թորոսին, պարան մը նետեցին իրեն ու պոռացին. Ա՜յ մարդ, պարանը մէջքիդ կապէ, որպէսզի քեզի նաւ բարձրացնենք ու ազատենք մենք քեզի պիտի փրկենք։
-Դուք չէք կրնար ինծի փրկել, ինծի Աստուած միայն կրնայ փրկել եւ ոչ ուրիշ որեւէ մէկը, ըսաւ Թորոսը ու մերժեց պարանը մէջքին կապել։
Պատուախնդիր նաւաստիներուն բոլոր ջանքերը մնացին ապարդիւն, ու վերջաւորութեան՝ յուսահատած մեկնեցան, շարունակելով իրենց ճանապարհը։ Քիչ ժամանակ չանցած, երեւցաւ երկրորդ նաւակ մը, որուն նաւաստիները նոյնպէս իրենց կարելին ըրին՝ օգտակար դառնալու համար նաւաբեկին։ Թորոսին պատասխանը եղաւ անառարկելի Դուք չէք կրնար ինծի փրկել, ինծի Աստուած միայն կրնայ փրկել եւ ոչ ուրիշ որեւէ մէկը, խնդրեմ շարունակեցէք ձեր ճանապարհը։ Նաւաստիները՝ կարծելով, որ գործերնին խենթի մը հետ է, իրեն ծովուն մէջտեղը ձգելով շարունակեցին իրենց ճամբան։
Ժամերը կ''անցնէին, փոթորիկը երթալէն կը սաստկանար, սակայն Աստուծոյ խոստացած փրկութիւնը տակաւին չէր երեւար։ Թորոսը չափազանց յոգնած եւ ուժասպառ էր այնպէս, որ չկարողացաւ տակառին կառչած մնալ։ Հսկայ ալիքները ընկոյզի կեղեւի նման սկսան իրեն հոս-հոն նետել ու, վերջաւորութեան, անխիղճ ծովը իրեն կուլ տուաւ։
Թորոսը ինքզինք գտաւ դրախտի դրան առջեւ վրան-գլուխը խխում եղած ու սաստիկ զայրացած էր. անանկ որ առանց ժամանակ կորսնցնելու Սուրբ Պետրոսէն պահանջեց, որ իրեն անմիջապէս Աստուծոյ առջեւ առաջնորդէ։
-Խնդիրդ ի՞նչ է, զարմացած հարցուց Սուրբ Պետրոսը՝ թրջուած կատուի նման իր դէմը կայնած Թորոսին։
-Չյարգուած խոստումի հարց է. կ'ուզեմ Արարիչին հարցնել, թէ ինչո՞ւ խօսքին տէրը չեղաւ եւ ինչո՞ւ ինծի չազատեց խեղդուելէ, մէկ որ ինծի անանկ խոստացած էր։
-Լաւ, լաւ, հանդարտէ, ըսաւ Սուրբ Պետրոսը ու, բանալով դրախտին դուռրը, Թորոսը մտցուց ու առաջնորդեց Աստուծոյ առջեւ։
-Գանգատդ ի՞նչ է, մեղաւոր, հարցուց Արարիչը։
-Կ'ուզէի գիտնալ Ամենակալ Տէր, թէ ինչո՞ւ ինծի չփրկեցիր ու ձգեցիր, որ խեղդուիմ, մէկ որ ինծի քու փրկութիւնդ խոստացած էիր, հարցուց բարկութեամբ Թորոսը։
-Մարդ Աստուծոյ, քեզի երկու հատ փրկարար նաւեր ղրեկեցի, սակայն դուն մերժեցիր փրկուիլ, դեռ ուրիշ ի՞նչ կրնայի ընել, ըսաւ Տէր Աստուած՝ իրեն ապշահար դիտող Թորոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.