2011-03-20 10:07:36

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ - Յովհաննէս Հինդլեան (1866-1950).
Մեծանուն Դաստիարակը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմական հիմնադիրներէն եղաւ


1950ին, 61 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, իր աչքերը առյաւէտ կը փակէր արդի ժամանակներու հայութեան մեծարժէք դաստիարակներու եւ վեհանձն մտածողներու փաղանգին այս ինքնատիպ դրօշակիրը։

Մինչեւ Հայաստանի մերօրեայ վերանկախացումը, Յովհաննէս Հինդլեան անունը ըստ արժանւոյն կը յիշատակուէր ու կը պահպանուէր առաւելաբար Դաշնակցութեան ուղեկից Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին կողմէ։ Այդպէ՛ս էր, որովհետեւ Յ. Հինդլեանի ներդրումը հիմնարար նշանակութիւն ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մի գաղափարական ու բարոյական աւանդներու հունաւորման մէջ։ Շաւարշ Քրիսեանի եւ Գրիգոր Յակոբեանի հետ հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմական երեք հիմնադիրներուն ամէնէն մտաւորականը, Յովհաննէս Հինդլեան իր առանձնայատուկ տեղը գրաւեց տարագիր հայութեան կեանքի բարեփոխման ու սերունդներու մարմնակրթական եւ հոգեմտաւոր զարգացման մեծավաստակ շարժումին մէջ։

Հինդլեան անունը անմահացաւ 1909ին Պոլսոյ մէջ իր հիմնած վարժարանով, որ յատկանշականօրէն Նոր Դպրոց անունը կրեց եւ իր ծառայութիւնը շարունակեց մինչեւ 1988 թուականը։

Յովհաննէս Հինդլեան իր անունին կապեց, ընդհանրապէս, ազգային/հասարակական գործունէութեան լայն ասպարէզ մը՝ իբրեւ ազգային երեսփոխանի եւ պոլսահայ հանրային կարծիքը առաջնորդող ազգային դաստիարակ-հրապարակախօսի իր անկորնչելի վաստակով։ Հանրային բեմերէ արտասանւած իր ելոյթներն ու պոլսահայ մամուլի էջերուն ցրուած իր յօդուածները, որոնք չորս հատորներով հրատարակուած են ՝՝Անկեղծ Էջեր՝՝ անունին տակ, այսօրուան ընթերցողին առջեւ կը բանան գաղափարապաշտ մարդու իրաւութեամբ շնչող աշխարհ մը, ուրկէ այնքա՜ն կենսական բան կարելի է սորվիլ հայ կեանքի ներկային եւ գալիքին ընդհանուր բարեշրջման համար։

Յ. Հինդլեան 1918ին, իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Մ.Ը.Մի հիմնադրութեան, իբրեւ միաժամանակ մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւն, որուն նպատակն էր ի մի բերել եւ ազգային/քաղաքական վսեմ գաղափարներու դրօշին տակ համախմբել մինչ այդ Պոլսոյ մէջ թէ հայաշխարհի տարածքին առաջացած հայ մարզական եւ սկաուտական միութիւնները։

Հինդլեան ծնած էր 1866ին՝ Պոլիս։ Նորահաստատ Պէրպէրեան վարժարանի անդրանիկ եւ շնորհալի սաներէն էր, որ կանուխ տարիքէն նետուեցաւ կրթական ասպարէզ՝ իր ժամանակի մանկավարժական արդի եղանակներով ու յառաջադէմ գաղափարներով սերունդ հասցնելով։

Նորահաս սերունդը ազգային ոգիով եւ գաղափարական ու բարոյական վսեմագոյն արժէքներով դաստիարակելու առաքելութեան ամբողջապէս նուիրուած մեծ մանկավարժը, 5 Հոկտեմբեր 1909ին, 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեամբ հաստատուած համեմատաբար ազատ գործունէութեան պայմաններէն օգտուելով, Գալուստ Մալաթեանի հետ գործակցաբար հիմը դրաւ Պոլսոյ հայոց Նոր Դպրոց վարժարանին։ Յ. Հինդլեան արդարօրէն Ուսուցչապետ հռչակուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ։


Քեմալականութեան յաղթարշաւէն եւ Մեղ Եղեռնէն վերապրած հայութեան երկրորդ տարագրութենէն ետք, Յ. Հինդլեան մնաց Պոլիս եւ մինչեւ մահ, իր հիմնադրած Պոլսոյ Նոր Դպրոցով, հաւատարիմ մնաց իր պաշտած արժէքներով սերունդ հասցնելու առաքելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.