Սարգսեան- Ալիեւ Հաւանական Հանդիպումը Թեհրանի Մէջ ։
Իրանական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ազրպէյճանի
նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի հանդիպին Թեհրանի մէջ` Նէվրուզի տօնակատարութիւններուն ժամանակ,
որոնք տեղի պիտի ունենան 20-էն 21 մարտի լուսցող գիշերը: Հրաւիրեալներու շարքին կը
գտնուին նաեւ Թիւրքմենիստանի, Տաճիկիստանի, Աֆղանիստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Քաթարի
եւ Օմանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Իրանական նոր տարուան կամ գարնանամուտի արարողութիւնները
պիտի ղեկավարէ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ: