2011-03-19 11:58:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Այսօր տօնն է Սուրբ Յովսէփին` Սուրբ Կոյս Մարիամի փեսան ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ պաշտպանը։ Անուան տօնն է նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին։

Այս առաւօտ ժամը 9 ին Փրկչին Մայրը Մատրան մէջ վերջ կը գտնէ անցեալ 19 մարտին սկիզբ առած՝ քառասնորդած շրջանի Վատիկանի մէջ կազմակերպուած՝ Հոգեւոր Կրթութիւնը, որուն մասնակցած էր նաեւ Սրբազան Քահանայապետը եւ որուն քարոզիչը եղած էր Հայր ֆրանսուա Մարի Լէթելը։

Յիշեցնենք թէ այս մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր Կրթութեան սովորութիւնը սկիզբ առած է Պիոս ԺԱ .ի օրով` իսկ 1964-էն սկսեալ` երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի օրով` հոգեւոր կրթութիւնը կը կատարուի քառասնորդացին, որպէս պատրաստութիւն Սուրբ Զատկուայ Յարութեան Տօնին։








All the contents on this site are copyrighted ©.