2011-03-19 11:59:58

Մոսկուայի Պատրիարքը Կ'ընդունի Վատիկանի Համամիութեան Պատասխանատուն։
Խօսակցութեան Գլխաւոր Նիւթերն Են` Համագործակցութիւնը Եւ Քրիստոնեաներու Դէմ Հալածանքը։


Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա. ունկնդրութիւն շնորհեց կարտինալ Գոխին` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Պատրիարքը խօսակցութեան ընթացքին իր գնահատանքն ու յարգանքը յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի անձին, քանի որ ներկայ Քահանայապետը կը պաշտպանէ եկեղեցական աւանդութիւնները։ Հանդիպումին աւարտին կարտինալը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ երկու եկեղեցիները նոյն համոզումը ունին բարոյական հարցերու շուրջ։ Նշենք թէ կարտինալ Գոխի վեց օրուայ այցելութիւնը վերջ գտաւ 17 մարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.