2011-03-18 12:04:59

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Որդեգրեց Լիպիոյ Վերեւ Թռիչքներու ՝՝Արգիլեալ Գօտի՝՝ Հաստատելու Որոշումը։ Պէնկազիի Բնակչութեան Մեծ Ուրախութիւնը։


Երէկ կէս գիշերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու հայող որոշումը: Ձեռնպահ մնացին Ռուսիա եւ Չինաստան:
Մինչ այդ լիպիացի ըմբոստներ վար առին երկու ռմբաձիգներ, որոնք երէկ կը մասնակցէին ըմբոստներու կեդրոնատեղի Պենկազիի մերձակայքը գտնուող օդակայանի մը դէմ յարձակումին:
Ըմբոստները օգտագործեցին իրենց գրաւած երեք օդանաւերն ու ուղղաթիռներ` յարձակում գործելու համար դէպի Պենկազի յառաջացող Կատտաֆիի ուժերուն վրայ: Սակայն անոնք ձախողեցան Աժտապիա քաղաքի պաշարման արգելք հանդիսանալ: Աժտապիայի մէջ բախումներու ընթացքին 30 զոհեր եւ 80 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Ըմբոստները յայտնեցին, որ քաղաքի գրաւումէն առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ օժանդակութեան մը կը սպսաէին եւ թէ Խորհուրդի Լիպիոյ վերեւ արգիլեան գոտի հաստատելու որոշումը մեծ ուրախութիւն յառաջացուց բնակչութեան մէջ։
Կատտաֆիի ուժերուն արագ յառաջխաղացքը եւ թէ բռնակալի արտայայտած սպառնալիքները քաղաքի բնակչութեան նկատմամբ ,մեծ հաւանականութեամբ Միացեալ Նահանգները մղեցին Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու ՝՝արգիլեալ գօտիի՝՝ հաստատման մասին իրենց կասկածներէն հրաժարիլ եւ այդ գօտիի հաստատման համար ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան աջակցիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.