Երէկ ազրպէյճանական – ղարաբաղեան սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում: Կարմիր
Խաչի Միջազգային կոմիտէին օժանդակութեամբ, Ազրպէյճանին յանձնուած է Լեռնային Ղարաբաղի
մէջ գերի բռնուած ազրպէյճանական բանակի սպայ Անվար Հաճիեւ: Իսկ Հայկական կողմին յանձնուած
է Տաւուշի շրջանի Հաղարծին գիւղի բնակիչ Արթուր Պատալեան-ը: