2011-03-17 11:28:22

Ցեղասպանութեան Մասին Միջազզային Գիտաժողով Երեւանի Մէջ ։


՝՝Երկիր՝՝ միութիւնը եւ ՝՝Կովկասի ինստիտուտ՝՝ հիմնադրամը Մարտ 15-ին Երեւանի մէջ կազմակերպեցին ՝՝Հայոց Ցեղասպանութեան Գիտակցման կառուցումը Թուրքիոյ մէջ՝՝ նիւթով միջազգային Գիտաժողովը, որուն ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան թուրք փորձագէտներ,Թուրքիոյ մէջ ՝՝Ներման արշաւի՝՝ նախաձեռնող խումբի անդամներ՝ Չէնկիզ Ագթարը եւ Ալի Պայրամօղլուն, ինչպէս նաեւ յայտնի փորձագէտներ եւ թրքաէտներ՝ Հայաստանէն։
Գիտաժողովի մասնակիցները կը քննարկեն թուրք հասարակութեան եւ պետութեան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հեռանկարները։ Կը ներկայացուին զեկոյցներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան դրսեւորումներու, Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման ներկայ միտումներու, Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան վիճակի, Թուրքիոյ հայ համայնքի խնդիրներու վերաբերեալ եւ այլ թեմաներով։ Գիտաժողովի ծիրին մէջ նաեւ կը ներկայացուի թուրք լրագրող Չենկիզ Ագթարի ՝՝Կոչ ներման՝՝ գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը։ ՝՝Այս Գիտաժողովին նպատակն է տուեալ խնդիրը տեղափոխել նոր մակարդակ՝ կայուն հիմք ստեղծելով առարկայական ու անկեղծ հայ-թրքական երկխօսութեան համար՝՝ (կ՛ըսուի Գիտաժողովի նախաձեռնողներու հաղորդագրութեան մէջ)։
Ըստ Ալի Պայրամօղլուի՝ Վաղ Թէ Ուշ, Թուրքիան Պիտի Ճանչնայ ՝՝1915ի Իրադարձութիւնները՝՝։
՝՝1915ի արիւնը երբեք չի մոռցուիր ՝՝ , Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց յայտնի թուրք գրող եւ ՝՝Ենի Շաֆաք՝՝ թերթի քաղաքական մեկնաբանը Ալի Պայրամօղլու։ Չարտասանելով ՝՝ցեղասպանութիւն՝՝ բառը՝ թուրք գրողը նշեց, թէ ինք կը փափաքի, որ Թուրքիան ճանչնայ զայն, եւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները վերականնին ըսաւ, եւ աւելցուց թէ ՝՝վաղ թէ ուշ Թուրքիա պիտի ճանչնայ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.