2011-03-17 10:58:44

Վենետիկի Մէջ Ինքնատիպ Ցուցադրութիւն Մը։


Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի՝ Մխիթարեան Միաբանութեան վանքին մէջ, բացումը կատարուած է ինքնատիպ ցուցադրութեան մը, որուն մէջ իտալացի պատմագէտ, հետազօտող ու Լեռնագնաց Ազատ Վարդանեան (ծանօթ՝ այս անունով անձնական պատճառներու համար) կը ներկայացնէ Նոյեան Տապանի իր որոնումներու 20-ամեայ պատմութիւնը։
Այդ տարիներուն, ան նաեւ ուսումնասիրած է Արարատ լերան ստորոտը գտնուող քրտաբնակ գիւղերը եւ յայտնաբերած Ցեղասպանութեան զոհ բազմաթիւ հայերու գերեզմաններ, նաեւ բացայայտած որ այդ գիւղերու մէջ ապրող քիւրտերու մեծ մասը իսլամացած հայեր են։
20-ամեայ պրպտումներու ցուցանմուշները մի քանի ամիս պիտի ներկայացուին Վենետիկի մէջ ապա զանազան երկիրներու քաղաքներուն մէջ։
Նշենք թէ վերջերս լոյս տեսած է Ազատ Վարդանեանի ՜՜Տուտուկի քաղցրահնչիւն մեղեդին՝՝ գիրքը որուն մէջ տեղ գտած են իր զրոյցները իսլամացած հայերու հետ։
Այս ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ հեղինակին՝ Ազատ Վարդանեանին ու անոր գործերուն՝՝ ՜՜Արարատ. Նոյեան Տապանի հետքերով՝՝, ՜՜Խորհրդաւոր Հայաստան. Մասիսը հայութեան մայր՝՝ եւ ՜՜Տուտուկի քաղցրահնչիւն մեղեդին՝՝ գիրքերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար այցելել www.noahsark.it կայքէջը։









All the contents on this site are copyrighted ©.