2011-03-17 12:37:59

Պշարա Պուդրոս Րաաի պատրիարքին կենսագրական գիծերը


Պշարա Րաաի մարոնիթ նորընտիր պատրիարքը
Ծնած է 25 փետրուար 1940, Հեմլայայի մէջ, Մեթն - Լեռնալիբանան։ Ան մաս կը կազմէ մարոնիթ մարեմեան միաբանութեան 1962-ին եւ քահանայ կը ձեռնադրուի 3 սեպտեմբեր 1967-ին։ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ կը նշանակուի 12 յուլիս 1986-ին։
Ին նախնական եւ երկրորդական ուսումը կը ստանայ Յիսուսեաններու ժամհուր վարժարանին մէջ։
Փիլիսոփայութեան ու աստուածաբանութեան վկայական կը ստանայ ապա կը մասնագիտանայ եկեղեցական եւ աշխարհական իրաւագիտութեան մէջ (տոքթորական աստիճան) եւ Րոթելեան իրաւաբանութիւն Հռոմի մէջ (3 տարիներ)։
Մարոնիթ մարեմեան միաբանութեան մէջ կը ստանձնէ հովուական, կրթական եւ դատական զանազան պաշտօններ։
Ինչպէս նաեւ, նոր պատրիարքը իր եպիսկոպոսական շրջանին կը վարէ զանազան առաքելութիւններ՝
-Ընդհանուր փոխանորդ Պքերքէյի պատրիարքական թեմին
-Ժպէյլի թեմի առաջնորդ, զայն պատրիարքական թեմէն անջատելէն յետոյ 1990-ին
-Մարոնիթ հոգեւոր դատարաններու վարիչ (1986-1992)
-Լիբանանի Քարիթաս մասնաճիւղի վարիչ (1986-1991)
-Լիբանանի համար եպիսկոպոսական հռովմէական սիւնհոդոսի հետ համագակարգող (1992-1995),
-Սուրբ Աթոռը զինք կը նշանակէ նախագահ՝ Լիբանանի Եկեղեցւոյ ընկերային, հովուական եւ բարեկարգման հարցերու յանձնախումբին (1988-2000),
-Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը զինք կը նշանակէ որպէս անդամ պապական □մէկ սիրտ□ խորհուրդին (1988-1994),
-1992 թուականէն սկսեալ, մարոնիթ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը զինք կ՛ընտրէ որպէս անդամ իրաւաբանական յանձնախումբին եւ սիւնհոդոսի դատարանին,
-1995 թուականէն սկսեալ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը զինք կ՛ընտրէ անդամ արտագաղթողներու, գաղթականներու, զբօսաշրջիկներու եւ ապաստանեալներու պապական խորհուրդին,
-1997 թուականէն սկսեալ, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդը զինք կ՛ընտրէ ընտանիքի հարցերուն վերաբերող եպիսկոպոսական խորհուրդին Լիբանանի մէջ,
-անդամ կը դառնայ “Լիբանանի համար նոր յոյս” առաքելական նամակին գործադրման պատրիարքական յանձնախումբին (1988-2003),
-1998 թուականէն սկսեալ, մարոնիթ մնայուն սիւնհոդոսին անդամ կը նշանակուի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին կողմէ,
-1999 թուականէն սկսեալ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը զինք կը նշանակէ անդամ ընտանիքի քահանայապետական նախագահող խորհուրդին,
-Արեւելեան Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարդինալ Սիլվեսդրինի զինք կը նշանակէ անդամ՝ արեւելեան Եկեղեցիներու օրէնքներու շուրջ միջազգային համագումարի գիտական յանձնախումբին (1999-2001),
-2000 թուականէն սկսեալ, կարդինալ Սֆէյր զինք կ՛անուանէ մարոնիթ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ սիրոյ ծառայութեան եպիսկոպոսական յանձնախումբին մօտ,
-մարոնիթ սիւնհոդոսը զինք կը նշանակէ անդամ՝ եկեղեցական իշխանութեան եւ մարոնիթ միաբանութիւններուն միջեւ համագործակցութեան եւ ծրագրման յանձնախումբին (2000-2006),
-մարոնիթ սիւնհոդոսը զինք կը նշանակէ իր համաժողովին քարտուղար 2003-էն սկսեալ,
-2005-էն սկսեալ, Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու խորհուրդը զինք կը նշանակէ համակարգող միջին արեւելեան երկիրներու մէջ ընտանիքի եպիսկոպոսական յանձնախումբին,
-2009-ին, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդին կողմէ նախագահ կ՛ընտրուի Լիբանանի կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Բենեդիկտոս ԺԶ. պապը զինք անդամ կը նշանակէ ընկերային հաղորդամիջոցներու քահանայապետական խորհուրդին։

Նորանշանակ մարոնիթ պատրիարքը կը դասաւանդէ իրաւաբանութիւն Պէյրութի սուրբ Յովսէփի համալսարանին մէջ (1978-1987) եւ Քասլիքի իրաւագիտութեան բաժնին մէջ (1992-2000)։ 2001 թուականէն սկսեալ, կը դասախօսէ հովուական աստուաբանութեան եւ պսակի խորհուրդի մասին Քասլիքի քահանայապետական աստուածաբանական բաժնին մէջ, եւ նոյն ժամանակ կը դասաւանդէ իրաւաբանութիւն Պէյրութի Սաժէս համալսարանին մէջ։

Ան ուղղած է մեծաթիւ հովուական նամակներ իր եպիսկոպոսական առաքելութեան շրջանին, ինչ կը վերաբերի թեմին մասին եւ եկեղեցական ընդհանուր նիւթեր։ Հրատարակած է քրիստոնէական ուսուցման շարքը չորս մասերով (2005-էն 2009). ինչպէս նաեւ հրատարակած է «ամուսնութիւն՝ դատական ուսուցում եւ մեկնաբանութիւն» հատորը, Սաժէս համալսարանէն, 2007-ին։


Պշարա Րաաի եպիսկոպոսը ստացած է բարձր կարգի պետական շքանշաններ Իտալիոյ հանրապետութեան եւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահներէն (1994 եւ 2007)։ Ան մարոնիթ Եկեղեցւոյ 77-րդ պատրիարք կ'ընտրուի 15 մարտ 2011-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.