2011-03-17 12:36:43

''Նազովրեցի Յիսուսը'' Սրբազան Քահանայապետի Գիրքին Երկրորդ Հատորը Հրաւէր Մըն Է Միջկրօնական Երկխօսութեան. Եւ Համամիութենական Բացառիկ Հատոր մը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Նազովրեցի Յիսուսը'' հատորը նոր դարաշրջան մը կը բանայ աստուածաբանական մեկնաբանութեան, յայտարարած է Կարտինալ Ուելէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։
Մամուլին առջեւ խօսք առնելով Կարտինալը ըսաւ թէ այս հատորը քրիստոնէութեան էութեան մասին երկխօսական հրաւէր մըն է, աշխարհի մը մէջ ուր նշաններ եւ ուղեցոյցեր կը փնտռուին։ Ապա կարտինալը ըսաւ . Սրբազան Քահանայապետի գիրքը արտակարգօրէն համամիութենական հատոր մըն է։ Երկխօսութիւն Եկեղեցիէն ներս, երկխօսութիւն քոյր եկեղեցիներու հետ ու երկխօսութիւն հրեաներու հետ։
Սրբազան Քահանայապետը կը պնդէ թէ այդ երկխօսութիւնը պէտք է տեղի ունենայ նաեւ աւանդական այլ կրօններու հետ։ Ահա ասոր համար կարելի է հաստատել որ այս գիրքը արտակարգօէն համամիութենական է։ Նորին Սրբութիւնը հատորին նախաբանին մէջ կը գրէ. այսօր եւս Եկեղեցւոյ նաւը, որ հակառակ պատմութեան փչող հակահովին, կը նաւարկէ ժամանակի ալեկոծ ովկեանոսին մէջ։ Յաճախ այն տպաւորութիւնը ունինք թէ ան ընկղմելու վրայ է։ Սակայն Տէրը ներկայ է եւ կը հասնի յարմար ժամուն։ Իտալացի Գլաուտիօ Մակրիս, իր կարգին, մատնանշեց այս հատորին զօրութիւնը որ կը դիմագրաւէ Յիսուսի դիմագիծի էական հարցերը, որ միաժամանակ կը հային մեր կեանքին ընդհանրապէս։








All the contents on this site are copyrighted ©.