2011-03-17 12:35:31

Կարտինալ Գոխի Հանդիպումը Մետրապոլիտ Հիլարիոնի Հետ։


Ռուս եկեղեցւոյ արտգործ նախարար մետրապոլիտ Հիլարիոն Մոսկուայի մէջ ընդունեց կարտինալ Գոխը` քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։ Երկու եկեղեցականներու խօսակցութեան նիւթը եղաւ համագործակցութիւնը օրթոտոքս ու կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ, կը հաղորդագրէ Ռիա Նովեսդի Մոսկուայի գործակալութիւնը մատնանշելով որ երկու եկեղեցականները մասնաւորապէս խօսեցան կաթողիկէ եւ օրթոտոքս խառն յանձնախումբի գործունէութեան մասին։ Բանակցութիւնները տեւեցաին երկու ժամ եւ որը մետրապոլիտ Հիլարիոն որակեց ՜՜շատ հետաքրքրական՝՝։ Նշենք թէ կարտինալ Գոխ իր վեցօրեայ այցելութեան ընթացքին Մոսկուա , հանդիպում կ՝ունենայ պատրիարք Կիւրեղի հետ եւ կիրակի օրը պատարագ մատուցած էր Մոսկուայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.