2011-03-17 11:30:01

«Անգարա Ամերիկեան Քոնկրեսին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Տապալելու Համար Աւելի Քան 3 Միլիոն Տոլար Ծախսած է » Կը Գրէ Թրքական «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ» Օրաթերթը։


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Նախարարութեան հրապարակած տուեալները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ մղուող պայքարի ծիրին մէջ թրքական իշխանութիւնները 2010-ին աւելի քան 3 միլիոն տոլար ծախսած են:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Նախարարութեան, 2010-ին Անգարա՝ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան միջնորդութեամբ ամերիկեան լոպիինկի կազմակերպութիւններու փոխանցած է 3.3 միլիոն տոլար:
«Այդ գումարին մեծ մասը ծախսուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը կասեցնելու համար: Գումարին մեծ բաժինը յատկացուած է նախկին քոնկրեսական Ռիչըրտ Կեփհարտի «Կեփհարտ Կրուփ» լոպիինկի կազմակերպութեան: Նախկին քոնկրեսականը 2010-ին Ներկայացուցիչներու Տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը ձախողեցնելու նպատակով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմի ղեկավարին, անվտանգութեան հարցերով խորհրդականին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»` նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ 2010-ին գումարներ յատկացուած են ամերիկեան եօթը լոպիինկի ընկերութիւններու:








All the contents on this site are copyrighted ©.