2011-03-16 13:09:54

Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհաուր Ունկնդրութիւնը Այսօր Տեղի Չ՛ունենար։


Պենենիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ամէն չորեքշաբթի օրերը, (ըստ սովորութեան) ընդհանուր ունկնդրութիւն կը շնորհէ բազմահազար ուխտաւորներուն թէ Հռոմէն եւ թէ աշխարհի չորս կողմերէն եկած։ Սակայն այսօր՝ չորեքշաբթի 19 մարտ 2011-ի՝ ընդհանուր ունկնդրութիւնը տեղի պիտի չ՛ունենայ, քանի որ ( ինչպէս յայտարարած էինք մեր նախորդ հաղորդումներուն ընթացքին) Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը կը մասնակացի Վատիկանի մէջ կազմակերպուած մէկ շաբթուայ Հոգեւոր Կրթութեան, սկիզբ առած՝ Կիրակի 13 մարտին եւ որ վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ շաբաթ օրը՝ 16 մարտին։
Հոգեւոր Կրթութեան չորրորդ օրն է այսօր, որուն մտածականի նիւթերն են. ՜՜ Աստուծոյ անսահման նախախնամութիւնը որպէս յոյսի աղբիւր։ Դէպի սրբութիւն առաջնորդող վստահութեան եւ սիրոյ բոլորին սահմանուած փոքր ճանապարհը։ Սրբուհի Թերեզայի կրած չարչարանքը իր եղբայրակիցներուն փրկութեան համար եւ Աօսդայի Սուրբ Անսելմոսը Հաւատքի գիտութեան վարդապետ՝՝։ Յիշեցնենք թէ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է Կարմեղեան Միաբանութեան անդամ Հայր ֆրանսուա Մարի Լէթել՝ քարտուղարը Քահանայապետական Աստուածաբանական Ակադեմիային ։








All the contents on this site are copyrighted ©.