2011-03-16 12:56:37

Միջուկային Մղձաւանջը Ճափոնի Մէջ։ Շողարձակումը Քաոսային Վիճակ Կը Ստեղծէ Երկրէն Ներս։


 Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյէն հիւսիսարեւելք գտնուող Ֆուքուշիմայի վնասուած հիւլէական կայանի նոր պայթումէն ետք շողարձակումի մակարդակին բարձրացումը մինչեւ Թոքիօ քաոսային վիճակ ստեղծեց, երբ ժողովուրդը աճապարեց վտանգաւոր նկատուող շրջաններէն հեռանալ եւ պարենաւորուիլ։ Օտարերկրեայ դեսպանատուները իրենց անձնակազմերուն թելադրեցին հեռանալ շողարձակումէն ազդուած շրջաններէ, իսկ զբօսաշրջիկներուն՝ վերադառնալ իրենց երկիրը։ Կարգ մը ընկերութիւններ իրենց անձնակազմերուն թելադրեցին հեռանալ Թոքիոյէն։

Աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող քաղաքներէն Թոքիոյի մէջ շողարձակման ցած մակարդակներ նշմարուած էին։ Միւս կողմէ Կառավարութիւնը կոչ ըրաւ Ֆուքուշիմայի կայանին մօտերը ապրող 140,000 բնակիչներուն, որ իրենց բնակարաններուն մէջ մնան, սակայն շատերը շրջանէն հեռացան դէպի հարաւային Ճափոն։ Թոքիոյի կարգ մը մթերքի վաճառատուներու մէջ բրինձը եւ այլ սննդեղէններ սպառած են ։
Թոքիոյի քաղաքապետարանը յայտնեց, որ քաղաքին մէջ շողարձակումի մակարդակները բարձրացած են, սակայն «տակաւին վտանգ մը չեն ներկայացնէր»:
Նշենք նաեւ որ առջի օր հաղորդուեցաւ թէ Հայաստան 25 հոգիէ բաղկացած փրկարարական խումբ կուղարկէ Ճափոն, օգտակար հանդիսանալու համար երկրէն ներս շարունակուող փրկարարական գործողութիւններուն։ Հայկական ջոկատը կազմուեցաւ ՀՀ Նախագահի յանձնարարութեամբ։
ՀՕՄ-ի զօրակցութիւնը Ճափոնի։
ՀՕՄի մեծ ընտանիքը անմիջապէս արձագանգեց, տեսնելով Ճափոնի մէջ ժողովուրդի տառապանքը։ Ճափոնը հարուածած երկրաշարժէն ետք, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կապ հաստատեց արտերկրի մէջ Ճափոնի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք բնական աղէտի պատճառած զոհերուն համար, պատրաստակամութիւն յայտնեց, ՀՕՄ-ի կարելիութեան սահմաններուն մէջ, օժանդակութեան ձեռք երկարելու արդէն կէս միլիոնի սահմաններուն հասնող անօթեւան քաղաքացիներուն։ Այցելեցէք ՀՕՄ-ի կայքէջը (www.ars1910.org) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.