2011-03-16 13:10:03

Ճաբոնի Եպիսկոպոսներու Արտակարգ Ժողովը Սենտայի Թեմին Մէջ։


՜՜Մեր առաքելութիւնն է յոյս տալ աղէտեալ բնակչութեան՝՝։
Ճաբոնի եպիսկոպոսները շտապ ժողով կը գումարեն, 16 մարտին, Սենտայի թեմին մէջ։ Սենտայ քաղաքը ամէնէն աւելի ցնցուեցաւ երկրաշարժէն։
Գերապայծառ Հիրակա իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին՝ իր հայրական պատգամին համար։
Սրբազան Հօր խօսքերը, ըսաւ թեմի առաջնորդը, Ճաբոնի ազգին կը ներշնչեն քաջութիւն եւ յոյս, ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քրիստոնեայ աշխարհին անոնց օգնութեան ու ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Առաջնորդը ըսաւ թէ՝ մեր առաքելութիւնը ներկայիս կը կայանայ երկրին օգնութեան հասնելու մէջ հրաւիրելով բնակիչները իրենց աչքերը բարձրացնելու Երկինք ու յոյսի ջահը վառ պահելու։ Սենտայի թեմին մէջ կ'ապրին շուրջ 10.000 հոգինոց հաւատացեալներու փոքր հօտ մը, տառապանքի այս պահուն, ըսաւ առաջնորդը, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած բոլոր զոհերուն համար եւ մեր կարելին կ'ընենք սփոփելու անոնց ցաւերը եւ վկայութիւն տալու Քրիստոսի սիրոյ պատգամին։ Նշենք թէ Սենտայի թեմը պաշտօնապէս կը հաշուէ 10.944 հաւատացեալ, որոնք կը ներկայացնեն բնակչութեան 0,15 տոկոսը։ Թեմը ունի 53 ժողովրդապետութիւններ եւ 13 առաքելակայաններ, այնտեղ կը պաշտօնավարեն 27 թեմական քահանաներ եւ 19 քահանայ կրօնաւորներ, 5 եղբայրներ եւ 262 կրօնաւորուհիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.