Հռոմի մէջ մեծ Պատրաստութիւն՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Երանացման Արարողութեան
համար, Որ Տեղի Պիտի Ունենայ 1 Մայիսին։
Երանացման արարողութեան օրը հաւատացեալներու ամբոխը խուռներամ պիտի ուղղուի Վատիկան,
պահ մը կանգ առնելով լեհ Քահանայապետի դամբանին առջեւ ։ Վատիկանի շրջակայքի բնակիչներն
ու խանութպանները բնականաբար տեղաշարժի մէջ են։ Մէկ կողմէն բանուորները կը զարդարեն
ճամբանները ու մայթերը լաւագոյնս ներկայացնելու համար քաղաքը ի պատարաստութիւն այն բազմահազար
հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն որոնք Աւագ Շաբաթուընէ սկսեալ գրեթէ ամբողջութեամբ
պիտի գրաւեն Յաւիտենական քաղաքը։ Վաճառատուները արդէն լեցուն են Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը
ներկայացնող յիշատակներով, եւ արարողութեան առիթով պատրաստուած շապիկներու վրայ գրուած
է. ''մեր սրտերուն մէջ միշտ ողջ ես''։ Վատիկանը իր կարգին ընկերային հաղորդակցութեան
բոլոր միջոցները ի գործ դրած է լաւագոյնս ճանչցնելու դիտաւորութեամբ Երանելի Յովհաննէս
Պօղոս Բ.ի կեանքն ու հոգեւորութիւնը։