2011-03-16 13:06:20

Լիպիացի Ըմբոստները Կը Կորսընցնեն Մէկէ Աւելի Քաղաքներ Ընդ Որս Աժտապիա։


Թիւով աւելի մեծ եւ աւելի ծանր զէնքեր ունեցող հակառակորդներ դիմագրաւող լիպիացի ըմբոստները երէկ կորսնցուցին Թրիփոլիէն արեւմուտք գտնուող իրենց վերջին կեդրոնը եւ մեծ ջանք թափեցին դանդաղեցնելու համար Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Կատտաֆիի հաւատարիմ ուժերուն դէպի արեւելք արշաւը: Կատտաֆիի ուժերը սկսան մօտենալ արեւելքի մէջ ըմբոստներու կեդրոններուն` ըստ երեւոյթի վճռական յաղթանակ մը փնտռելով կամ այդ շրջաններու բնակիչները ըմբոստներուն դէմ ապստամբութեան մղելու նպատակով։Թունուզեան սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Զուարա քաղաքին անկումով Լիպիոյ արեւմտեան շրջանը գրեթէ ամբողջութեամբ անցաւ Քազզաֆիի վերահսկողութեան տակ:
Կատտաֆֆիի ուժերը իրենց յառաջխաղացքը շարունակելով երէկ կէսօրէ ետք հասան Աժտապիա քաղաքը` հեռահաս հրթիռներով, հրասայլերով եւ ռմբաձիգներով ռմբակոծելով քաղաքը: Քազզաֆիի ուժերը նաեւ ռմբակոծեցին քաղաքի կենսական արեւելեան ճամբան, որ քաղաքը կը կապէ ըմբոստներու հակակշիռին տակ գտնուող այլ քաղաքներու:
Փարիզի մէջ Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու բանակցութիւնները անելի մատնուեցան, եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «Էօրոփ-1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ գետնի վրայ զարգացումները արդէն շրջանցած են դիւանագիտական ջանքերը: «Եթէ անցեալ շաբաթ կարգ մը էջուղիներ եւ շարք մը օդանաւեր չէզոքացնելու համար զինուորական ուժ օգտագործած ըլլայինք, թերեւս ի վնաս ըմբոստներուն տեղի ունեցող շրջադարձը տեղի չէր ունենար: Սակայն այդ մէկը անցեալին կը պատկանի»:
Կատտաֆֆիի ուժերը կը շարունակեն Թրիփոլիէն 125 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող եւ երկրին երրորդ մեծագոյն քաղաք Միսրաթան պաշարման տակ պահել:







All the contents on this site are copyrighted ©.