2011-03-16 13:42:46

Իտալիոյ Միութեան 150 Ամեակին Առթիւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարտինալ Պերթոնէ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահին Կը Յանձնէ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը։


Չորեքշաբթի առաւօտ ( 16 մարտ 2011ին) Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ ընկերակցութեամբ՝ Իտալիոյ մօտ Վատիկանի պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Ճուզեբբէ Պերթելլոյի, աղցելութեան գացին Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նաբոլէթանոյին, անոր յանձնելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Իտալիոյ Միութեան 150-րդ տարեդարձի առիթով (ինչպէս որ կը յայտարարէ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին)։
Իսկ վաղը Հինգաշաբթի 17 մարտին, Կարտինալ Պերթոնէ-ն իր մասնկացութիւնը պիտի բերէ Իտալիոյ Ծերակոյտի եւ Խորհրդարանի Միացեալ նիստին։
Մինչ՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի 17 մարտի կէսօրին՝ (ժամը 12 ին) Հռոմի Santa Maria Degli Angeli (Թագուհի Հրեշտակաց) անուան Պազիլիքայի մէջ, Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքօ՝ նախագահը Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի պիտի գլխաւորէ Իտալիոյ այս կարեւոր տարեդարձին առթիւ, Սուրբ Պատարագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.