2011-03-16 12:53:45

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Յովհաննէս Շիրազ
(1915-1984).


27 տարի առաջ, Մարտ 14ին, աչքերը առյաւէտ կը փակէր Յովհաննէս Շիրազ։

69 տարեկանին մարմնապէս շիջեցաւ լուսաբաշխ ու յուսաբեր աստղը հայոց աշխարհին։
Աւազանի անունով Օննիկ Կարապետեանի, որ լոյս աշխարհ եկաւ Հայոց Արհաւիրքի օրերուն՝ 1915 թուի Սեւ Ապրիլի 27ին, Ախուրեան գետի ափին գտնուող գիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տան մէջ։

Նորածինը հազիւ երեք տարեկան մանուկ էր, երբ որբացաւ հօր կողմէ, որուն թուրք զինուորները սպաննեցին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակելու համար Արեւելահայաստանի վրայ գործուած 1918ի թրքական արշաւանքին ժամանակ։

Թրքական խժդժութեանց հետեւած իրարանցումին մէջ, Օննիկ կորսնցուց մայրը, անպատսպար փողոցները թափառեցաւ՝ հացի եւ օթեւանի կարօտ, մինչեւ որ անտէր լքուած հարիւրաւոր շատ մը որբերու հետ զինք եւս յանձնեցին Ալեքսանդրապոլի որբանոցին խնամատարութեան։ Դառն ու դաժան մանկութիւն մը անցուց, յաճախակի փախուստ տուաւ որբանոցի ճնշիչ մթնոլորտէն եւ, ինչպէս որ հետագային պիտի գրէր իր ինքնակենսագրութեան մէջ, որբանոցից շատերն էին փախչում, մեծ մասը դէպի շուկայ, իսկ ես դէպի Արփաչայի հովիտները փնտռելու հայրիկիս բոստանը։ Եւ մի վայրկեան ծաղիկների ու կակաչների մեջ մոռանում էի, որ որբ եմ...։

Աւելի ուշ, երբ արդէն թեւակոխած էր պատանեկութեան տարիքը, Օննիկ լրիւ հեռացաւ որբանոցէն եւ բառին բուն իմաստով փողոցի կեանք ապրեցաւ, մինչեւ որ այդ ձախորդ օրերուն մէջ յանկարծ փայլեցաւ ճակատագրական մի սուրբ վայրկեան։ Փողոցը պատահականօրէն հանդիպեցաւ հացը ձեռքին անցորդ խեղճ կին մը։ Սոված Օննիկը փորձեց փախցնել կնոջ հացը, բայց կինը բռնեց զինք եւ... սեղմեց կրծքին։ Մայրն էր Աստղիկը, որ վերջապէս գտած էր իր կորուսեալ որդին։ Փաղաքշանքով գիժ ջան, գիժ կրկնելով՝ մայրը որդւոյն տարաւ տուն, որ հին ու կիսափուլ խրճիթ մըն էր։ Եւ ճակատագրական այդ օրէն, մօր խօսքը սրբութիւն եւ օրէնք եղաւ Օննիկի համար, իսկ մօր գլխաւոր խորհուրդն էր Արհեստ սովորիր... արհեստն է մարդուն ոսկէ բիլազուկ։

Որբութեան եւ չքաւորութեան այդ տարիները ադամանդի պէս կոփեցին տաղանդը ստեղծագործական երկնատուր շնորհներով օժտուած Օննիկի, որ հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու երկնակամարին վրայ անմար աստղի իր տեղը գրաւեց իբրեւ Սիրոյ, Վշտի եւ Հայոց Սրբազան Դատի զգայուն եւ խոհուն երգիչը՝ Յովհաննէս Շիրազ գրչանունով։ Եւ մեր ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան՝ Հայասպանութեան դառնագոյն բաժակը նաեւ սեփական կենսափորձով ցմրուր ճաշակած անմահ Շիրազը իր անլռելի բողոքը յղեց ողջ աշխարհին.

Ան սկսաւ ստեղծագործել 15 տարեկանէն եւ իր առաջին քերթուածները լոյս տեսան Լենինականի (Գիւմրիի խորհրդային անուանումը) հիւսուածեղէնի գործարանին գրական հրատարակութեան էջերուն։ 1935ին առանձին հատորով լոյս տեսաւ իր երեխայրիքը՝ Գարնանամուտը, որ անմիջապէս յափշտակուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ արագօրէն մեծ համբաւ ապահովեց քսանամեայ Շիրազին։

Եւ սկսաւ Շիրազի անկասելի վերելքը դէպի հայ քնարերգութեան Մասիս բարձրունքը։
Եւ իրապէս Շիրազ իր կենդանութեան եղաւ ապրող առասպել մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Առաջին հերթին՝ քաղաքամայր Երեւանի համար, ուր գրեթէ ամէնօրեայ իր գրական հաւաքները կունենար փողոցը՝ Աբովեան, Ամիրեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկներուն, իր երկրպագուներու հետ հանդիպումներով։ Այլեւ՝ աշխարհասփիւռ հայաշխարհի բոլոր ափերուն, ուր հայութեան նորահաս սերունդները իր բանաստեղծութիւններով երգեցին Սէրը, Հայոց Վիշտը, Մօր պաշտամունքը եւ, մանաւանդ, Հայկական Հարցը արդար լուծման արժանացնելու պահանջատիրական պայքարը։







All the contents on this site are copyrighted ©.