2011-03-15 13:01:44

Չինացի Գերապայծառ Հաօ-ի Մահը, Քսիուանզի թեմին մէջ։


Չինաստանի Պետութենէն Չճանչցուած Առաջնորդը ''Այլ Ոմն Քրիստոս'' Դարձաւ Իր Կրած Տանջանքին ու Զրկանքներուն Համար։
Չինաստանի Քսիուանզի թեմի հաւատացեալներու համար գերապայծառ Հաօ-ի մահուան լուրը մեծ հարուած մը եղաւ։ Ոստիկանութիւնը անմիջապէս պատնէշ հաստատեց որպէսզի հաւատացեալները չկարողանան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանել անոր։ ''Գերապայծառ Հաւօ վախճանեցաւ Մոխրոց օրը։ Իր բոլոր կեանքին ընթացքին ան Քրիստոսի միացած էր, իր կրած մշտատեւ հալածանքին հեետեւանքով եւ Յիսուսի հետ Յարութիւն պիտի առնէ'' այս հաստատած է կառավարութենէն չճանչցուած եկեղեցական մը։
Նշենք թէ գերապայծառ Հաօ Չինաստանի կառավարութենէն չէր ճանչցուած, որվհետեւ միշտ մերժած էր յարիլ Չինաստանի ազգային եկեղեցւոյ։ Ան շատ սիրուած էր իր համայնքի զաւակներէն ու կարողացած էր պատրաստել երիտասարդ քահանաներ, որոնք գաղտնաբար կը գործեն Չինաստանի մէջ։ Ան իր կեանքին մեծ մասը անցուց բանտին մէջ, ի սէր կաթողիկէ հաւատքին ։
Գերապայծառ Հաօ ծնած էր 1916ին շատ ջերմեռանդ կաթողիկէ ընտանիքին մէջ։ Իր երկու եղբայրները կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած են։ 1943ին քահանայ ձեռնադրուեցաւ։ 1958ին 10 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ իր հաւատքին համար։ 1984ին գաղտնօրէն եպիսկոպոս օծուեցաւ։
Ողբացեալ գերապայծառին յուղարկաւորութեան օրը բազմաթիւ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան, հակառակ դրուած պատնէշին։
Քսիուանզի թեմը 300 տարի աոաջ հիմնուեցաւ լազարեան կրօնաւորներու նախաձեռնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.