2011-03-15 13:00:38

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Երանացման Արարողութեան Առթիւ Նոր Կայքէջ Մը Facebook -ի եւ youtube-ի Վրայ։


Յառաջիկայ մայիս մէկին նախատեսուած՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետի երանացման արարողութեան առթիւ, Ռատիովատիկանի եւ Վատիկանի Հերուստատեսիլի Կեդրոնի նախաձեռնութեամբ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի նուիրուծ յատուկ նոր կայքէջեր բացուեցան ըլլայ Եուդիուպի եւ ըլլայ ֆէյսպուքի վրայ։

Վերոյիշեալ էջերուն մէջ զետեղուած են, երկու վայրկեան տեւողութեամբ՝ տեսերիզներ, բաժնուած երեք մասերու։ Առաջին տեսերիզներու շարքը՝ ընդամէնը 27 տեսերիզ, կը ներկայացնեն Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի քահանայապետական շրջանը տարի առ տարի, երկրորդ մասին մէջ ներկայացուած են, Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին զանազան լեզուներով արտասանած նախադասութիւնները, իսկ երրորդ շարքի տեսերիզներու մէջ ներկայացուած են երջանկայիշատակ Քահանայապետին հայող զանազան կարեւոր նիւթեր։ Ընդամէնը 80 տեսերիզներու շարք մը։

Ռատիովատիկանի Եւ Վատիկանի Հերուստատեսիլի Կեդրոնի այս ձեռնարկը կ՛ուզէ օգտագործել բջիջային արդի միջոցները լաւագոյն կերպով պատրաստուելու մայիս մէկի կարեւոր ժամադրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.