2011-03-15 13:05:19

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՜՜Խաչիկ Պապիկեան՝՝Մրցանքը։


Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով անցեալ տարի կեանքի կոչուած ՙԽաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ՚ի հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ կրօնագիտութեան նիւթերու աշակերտական մրցումները, երկրորդ տարին ըլլալով, սկսան խանդավառ եւ յուսադրիչ նոյն մթնոլորտին մէջ:
Շաբաթ, 12 Մարտ 2011-ի յետմիջօրէին, լիբանանահայ 17 վարժարաններ ներկայացնող շուրջ 60 աշակերտ-աշակերտուհիներ դարձեալ ժամադրուած էին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի սրահին մէջ՝ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու լիբանանահայ աշակերտութեանց հայ լեզուի եւ գրականութեան զոյգ մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար: 17 լիբանանահայ միջնակարգ վարժարաններ ներկայացնելու եկած էին 34 աշակերտ-աշակերտուհիներ, իսկ 12 երկրորդական վարժարանները` 23 թեկնածուներ:
Հայոց պատմութեան եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանքը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Շաբաթ օր, այս տարի նաեւ պիտի ընդգրկէ հայ մշակոյթի վերաբերող հարցումներ: Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով՝ այս տարի, կազմակերպիչ յանձնախումբը հաստատեց ասմունքի մրցանքը՝ արտասանական շնորհ ունեցող հայ աշակերտները գործնապէս քաջալերելու եւ արուեստի այս սեռին շուրջ յաւելեալ հետատքրքրութիւն առաջացնելու յստակ նպատակով: Ասմունքի մրցանքները պիտի սկսին Մարտ 26-էն սկսեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.