ՄԱԿ-Ի Զարգացման Ծրագրի Կառավարիչը Անի-ի Աւերակները Կ՝այցելէ։
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա գտնուող ՄԱԿ-ի Զարգացման
Ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք այցելած է Անիի աւերակները: Հելեն Քլարք Թուրքիա կը գտնուի
ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Թուրքիոյ գրասենեակին կողմէ գործադրուող «Դաշինքներ Արեւելեան
Անատոլուի մէջ մշակութային զբօսաշրջութեան համար» ծրագիրին ծիրին մէջ: ՄԱԿ-ի Զարգացման
ծրագիրի կառավարիչը այցելած է Անիի Մայր Տաճարը, Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին եւ Մանուչեհրի
մզկիթ-ը: