2011-03-15 13:00:20

 Փարիզի Ցոյցին՝Մասկացութեամբ 3000 Հոգիի Ֆրանսական Ծերակոյտի Առջեւ ,Խօսք Առած՝ Փաթրիք Տեւեճեան(ֆրանսայի Նախագահի Օգնականը)։


Ինչպէս որ երէկ անդրադարձանք Փարիզի մէջ Մարտ 12-ին կայացած ցոյցին խօսք առած է Փաթրիք Տեւեճեան ։Արդարեւ 12 մարտին,շաբաթ օրը, աւելի քան 3000 ցուցարարներ հաւաքուած էին Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին առջեւ, պահանջելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:
Հաւաքը կազմակերպուած էր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ եւ անոր կը մասնակցէր նաեւ աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի նախագահի օգնական Փաթրիք Տեւեճեան, իրաւապաշտպաններ եւ հասարակական գործիչներ:
12 հոկտեմբեր 2006-ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը որպէս օրինագիծ ընդունեց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ սահմանելու մասին:

Վերջերս «Ուիքիլիքս» կայքէջը հրապարակեց տեղեկութիւն մը, թէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Թուրքիոյ խոստացած է «օրինագիծը թաղել Ծերակոյտին մէջ»: Ըստ «Նուվել տ՛Արմենիի», այդ տեղեկութիւնը Ազնաւուրի մէջ բարկութիւն յառաջացուցած էր եւ անոր` առաջին անգամ ըլլալով քաղաքական ցոյցի մասնակցելու որոշման պատճառ դարձած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.