2011-03-14 13:11:49

Վատիկանի Մէջ Հոգեւոր Կրթութեան Սովորութիւնը ։


Վատիկանի միաշաբաթեայ Հոգեւոր Կրթութեան սովորութիւնը սկիզբ առած է Պիոս ԺԱ օրով 1929 թուականին հիսնակաց շրջանի ժամանակ` առ ի պատրաստութիւն սուրբ ծննդեան տօնին։ 1964 թուականին Պօղոս Զ օրով որոշվեցաւ այս թուականը փոխել եւ տարեկան հոգեւոր կրթութիւնը կատարել քառասնորդաց շրջանի ընթացքին` ի պատրաստութեան Սուրբ Զատկուայ Յարութեան Տօնին։
Հիսնակաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան սովորութիւնը չէ ընդհատած ու կը շարունակուի եւ յանձնուած է Քահանայապետական տան քարոզիչին։ Նշենք թէ 1743 ին Պենետիկտոս ԺԴ Քահանայապետի որոշումով Քահանայապետական Տան Քարոզիչի պատասխանատութիւնը տրուած է ֆրանչիսկեան Փոքր Եղբայրութեան եւ Գաբուսիններու միաբանութեան անդամներուն։ Այժմ այս պաշտօնը յանձն առած է Գաբուսին միաբանութեան անդամ Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան։

Առ ի հետաքրքրութիւն նշենք թէ Քառասնորդաց շրջանի քարոզիչի պարտականութիւնը 1976-ին ստանցնած երջանկայիշատակ Կարտինալ Գարոլ Վոյթիլան իսկ Կարտինալ Ժոզէֆ Րադսինկէրը 1983 ին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.