2011-03-14 13:16:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը - Վատիկանի Մէջ Հոգեւոր Կրթութիւն ։


Ի պատրաստութիւն Քառասնորդաց շրջանին կիրակի 13 մարտի երեկոյեան Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ մէկ շաբաթ տեւող հոգեւոր կրթութիւնը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ու անոր անմիջական գործակիցներուն մասնկացութեամբ։ Առ այդ, այս շաբթուայ ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ոչ մէկ գործունէութիւն կը կատարէ ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է Կարմեղեան Միաբանութեան անդամ Հայր ֆրանսուա Մարի Լէթել, 63-ամեայ հայր Լեթել, 2008 ին Սրբազան Հօր կողմէ նշանակուած էր Քարտուղարը՝ Քահանայապետական Աստուածաբանական Ակատեմեային ։
Ասիկա երկրոդ տարին է որ Սրբազան Քահանայապետը կ'ընտրէ կրօնաւոր մը որպէս քարոզիչ եւ ոչ թէ Կարտինալ մը։ Անցեալ 2010 տարուայ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչը եղած էր Սալեզեան միաբանութեան անդամ Իտալացի հայր Էնրիքօ Տալ Գովոլոն` Րէկդէօրը Լատերանի Համալսարանի ։ Անցեալ տարիներուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան քարոզչութիւնը յանձնած էր չորս կարտինալներու։
2006ի քարոզիչն էր Վենետիկի երբեմնի Պատրիարք Կարտինալ Մարգօ Րէ-ն, 2007ին Պոլոնիայի երբեմնի Կարտինալ Ճիագոմօ Պիֆֆին։ 2008 ին ֆրանսացի Կարտինալ Անպէրթ Վանհոյը իսկ 2009ին նիկէրեացի Վաստակաւոր կարտինալ ֆրանսիս Արինզէն։

Վատիկանի Մէջ Հոգեւոր Կրթութեան Սովորութիւնը ։
Վատիկանի մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր Կրթութեան սովորութիւնը սկիզբ առած է Պիոս ԺԱ .ի օրով 1929-ին Յիսնակաց շրջանի ժամանակ` ի պատրաստութիւն սուրբ ծննդեան տօնին։ 1964 թուականին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի օրով որոշուեցաւ այս թուականը փոխել եւ տարեկան հոգեւոր կրթութիւն կատարել քառասնորդաց շրջանի ընթացքին` պատրաստուելու՝ Սուրբ Զատկուայ Յարութեան Տօնին։
Յիսնակաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան սովորութիւնը չէ ընդհատած ու կը շարունակուի եւ յանձնուած է Քահանայապետական տան քարոզիչին։ Նշենք թէ 1743 ին Պենետիկտոս ԺԴ Քահանայապետի որոշումով Քահանայապետական Տան Քարոզիչի պատասխանատութիւնը տրուած է ֆրանչիսկեան Փոքր Եղբայրութեան եւ Գաբուսիններու միաբանութեան անդամներուն։ Այժմ այս պաշտօնը յանձն առած է Գաբուսին միաբանութեան անդամ Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան։

Նշենք թէ Քառասնորդաց շրջանի քարոզիչի պարտականութիւնը 1976-ին ստանձնած երջանկայիշատակ Կարտինալ Գարոլ Վոյթիլան իսկ Կարտինալ Ժոզէֆ Րադսինկէրը 1983 ին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.