2011-03-14 13:01:52

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Լոնտոնի Մէջ։


13-15 մարտ աշխատանքային այցով Լոնտոն կը գտնուի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են պատգամաւորներ Արման Սահակեան, Կարինէ Աճեմեան, Արայիկ Գրիգորեան, Կարէն Աւագեան եւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիպճանեանը:
Կը նախատեսուին հանդիպումներ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տան նախագահ Ճոն Պերքոուի, Լորտերու տան նախագահ պարոնուհի Հելեն Հայմանի, Համայնքներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներու, խորհրդարանի Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի անդամներու, Միջխորհրդարանական միութեան բրիտանական խումբի ղեկավար Ռոպըրթ Վոլթրի հետ: Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը կը մասնակցի նաեւ Լորտերու Տան լիագումար նիստին:







All the contents on this site are copyrighted ©.