2011-03-14 07:29:33

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ ։
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՆԿԱՐԻՉ ՎԱՀԷ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ.


Վահէ Պարսումեան մեր այն տաղանդաւոր նկարիչներէն է, որոնք յամառ աշխատանքով կրցած են կտրել փշոտ այն ճամբան, որմէ ետք կը սկսի արուեստի դժուարին բարձունքը։
Վաթսուն տարեկանին Պարսումեան դարձած է ինքնուրոյն նկարիչ մը, որ մաս կը կազմէ Փարիզի պէս դժուարահաճ քաղաքի մը մշակութային կեանքին։
70-ականներուն, Պէյրութ կապրէր ։ Ան իր թանկագին ժամանակը կանցընէր ընկերութեան մը իբրեւ պաշտօնեան՝ օրուան մնացեալ պահերը յատկացնելով արուեստին։ Դժուարին ժամանակներ էին իրեն համար հօրը մահէն ետք ընտանիքին ամբողջ բեռը կը ծանրանար իր ուսերուն։
Միակ մխիթարանքը տիկին Լիւսի Թիւթիւնճեանի քաջալերութիւնն էր, որ ըլլալով ընկերութեան տնօրէնին կինը եւ հանրածանօթ գեղանկարչուհի մը,լաւ կը հասկնար Վահէին երազը, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ նուիրուիլ նկարչութեան։
Անցան տարիներ։ Դարձած ինքնավստահ, պաշարած որոշ խնայողութիւն՝ Վահէ որոշում կը կայացնէ ձգել ամէն ինչ ու մեկնիլ Փարիզ՝ արուեստի քաղաքը, կատարելագործելու իր արուեստը ու փորձելու իր բախտը։ Իրմէ առաջ նոյնը ըրած էին Ասատուր, Ռուբէն Նաճարեան եւ ուրիշներ։
Փարիզի մէջ ամուսնացած է հայուհիի մը հետ, եւ ունի երկու աղջիկներ, որոնք կը տիրապետեն հայերէնին։
Իսկ գեղարուեստական ասպարէզէ ներս ունեցած է մեծ յաջողութիւններ։ Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ցուցահանդէսներու եւ պիէննալներու, կազմակերպած է ինը անհատական ցուցահանդէսներ Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ։ Արուեստանոցը կը գտնուի Փորթ տը Վերսայի նկարիչներու տան մէջ։
Վահէ բերած է իր մասնակցութեան բաժինը՝ ողորմած Սարգիս Պօղոսեանի Իքոնոկրաֆ Արմենիէնի երկրորդ հատորի աշխատանքին, անոր ասմունքի ձայներիզներու պատրաստութեան գործին։
Վահէ Պարսումեան աստիճանական զարգացումով հասած է հոն, ուր գեղանկարիչը ազատագրուած նիւթի կապանքներէն, կիրագործէ աշխարհը ընկալելու իր տեսողութիւնը, ոճը՝ մէկ խօսքով։ Վահէ կը շարունակէ իր բացած ուղին, որ անկասկած զինք պիտի հասցնէ արուեստի բարձունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.