2011-03-14 07:31:37

Աշխարհի Խաղաղութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաջին Մտահոգութիւններէն Մէկն Է։


Ասիզիի միջկրօնական հանդիպումին 25րդ տարեդարձին առթիւ, Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ պատգամ մը ուղղած է, որով կը յայտնէ թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաջին մտահոգութիւններէն մէկն է աշխարհի խաղաղութիւնը։
Նշենք թէ այս տարեդարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, իր նախորդին նման, կ՝ուզէ Ասիզիի մէջ միատեղ համախմբել աշխարհի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող մարդիկը։ Արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ հոկտեմբերին Ս. ֆրանչիսքոսի քաղաքը` Ասիզի պիտի մեկնի, վերակոչելու 1986ի աշխարհի կրօններու ներկայացուցիչներու միջկրօնական համախմբումը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.