2011-03-13 15:42:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։
կիրակի 13 մարտ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Մեծ Պահքին մէջն ենք, այս 40 օրերուն ընթացքին Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ հոգեւոր ճանապարհի վրայ ընթանալու ի պատրաստութիւն Զատկուայ։
Մեծ Պահքը իրականին մէջ հրաւէր մըն է հետեւելու Քրիստոսի, որ վճռական կը յառաջանայ դէպի խաչը, գագաթնակէտը փրչագործութեան իր առաքելութեան։
Բարոյական չարին ի տես, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աստուծոյ կեցուածքը կը կայանայ հակադրելու մեղքին փրկելու համար մեղաւորը։ Աստուած չի հանդուրժեր չարը, որովհետեւ Սէր է, Արդարութիւն եւՀաւատարմութիւն։ Եւ ճիշտ այս պատճառաւ չուզեր մահը մեղաւորին, այլ կ'ուզէ անոր դարձը, զղջումը որպէսզի ապրի։
Աստուած, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, մարդկութիւնը փրկելու համար իր միջամտութիւնը բերաւ։ Ասիկա կը տեսնենք հրեայ ժողիովուրդի պատմութեան մէջ սկսեալ Եգիպտոսի գերութեան ազատագրումէն։ Աստուած վճռական է ազատագրելու իր որդիները ստրկութենէն զանոնք առաջնորդելու դէպի ազատագրում։ Տիրոջ այս փրկչագործութեան ծրագրին` սատանան, իր ամբողջ ոյժով ընդդիմացաւ, ինչպէս ցոյց կու տայ մեզի Աւետարանը Յիսուսի փորձութիւններուն ընթացքին, անապատին մէջ։ Այս պատճառաւ ըսաւ Սրբազան Հայրը մեր պաղատանքը բարձրացնենք Աստուածածնայ մայրական օգնութեան, որպէսզի լաւագոյնս ապրինք Մեծ Պհաքը ու դարձի գանք։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ մասնաւորապէս աղօթեն իրեն եւ իր գործակիցներուն համար, որոնք այս բոլոր շաբաթուան ընթացքին հոգեւոր կրթութիւն պիտի կատարեն։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը մասնաւորապէս յիշեց Ճաբոնի երկրաշարժի ահաւոր ողբերգութիւնը, որուն հետեւանքով շատերը վնասուեցան թէ մարմնապէս եւ թէ նիւթապէս։ Իմ աղօթքը կը բարձրացնեմ Ամենակալ Տիրոջ որ իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ սփոփէ անոնց պարաքաները։ եւ կը քաջալերեմ ու կ'օրհնեմ բոլոր անոնք որոնք անյապաղ իրենց օգնութիւնը կը բերեն աղետեալներուն։ Սրտով միանանք անոնց եւ թող Տէրը անոնց օգնութեան հասնի։
Ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի ու արդիւնաբլեր քառասնորդաց մը։

Այս առաւօտ (կիրակի 13 Մարտ 2011-ի՝ ժամը 11-ին Ամենապատիւ եւ Գերերջանին Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագին ընթացքին, փոքր չորս կարգերու՝ դռնապանութեան,ընթերցողութեան, երդմեցուցիչի եւ ջահընկալութեան տուուչութենէն ետք կիսասարկաւագի աստիճանը շնորհեց հռոմահայ տիար Ռոպերթ Աթթարեանին ։
Ռատիովատիկանի մեր աշխատակիցին սրտագին մաղթանքները կը յայտնենք եւ մեր բաղձանքը` որ եկեղեցական այս նոր պաշտօնը խթանէ զինք միշտ աւելի աշխատելու հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան ու հայ ազգին դատին պաշտպանութեան ի խնդիր։










All the contents on this site are copyrighted ©.