Շաբաթ 12 մարտ 2011։ Այս առաւօտ Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` եպիսկոպոսներու
դասի կառավարիչ' Կարտինալ Մարգ Ուէլլէն, ապա Գլեմենթինա կոչուած սրահին մէջ ունկնդրութիւն
շնորհեց ԱՆՉԻ-ի՝ իտալիոյ քաղաքապետերու ընկերակցութեան 250 անդամներուն։
Յառաջիկայ
13-19 մարտ Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ տարեկան Հոգեւոր Կրթութիւն` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի
եւ Հռոմի Թեմի կղերի մասնակցութեամբ։ Քարոզիչն է Հայր ֆրանսուա Մարի Լէթել Կարմեղեան
Միաբանութենէն, խորհրդածութեան նիւթն է ՜՜ Քրիստոսի Լոյսը՝ Եկեղեցւոյ Սիրտն է - Յովհաննէս
Պօղոս Բ. եւ սուրբերու Աստուածաբանութիւնը՝՝ ։