2011-03-12 12:34:36

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազրպէյճանի Դիրքորոշումի Մասին ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ռիկայի մէջ մեկնաբանելով 5 մարտին Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն եռակողմանի հանդիպման արդիւնքները, յայտնեց, որ Ազրպէյճանի դիրքորոշումին մէջ որոշակի յառաջընթաց կայ:

«Նովոսթի Արմենիա» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաթվիոյ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան նշեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ որոշակի համաձայնութեան հասնիլ ղարաբաղեան տագնապի լուծման սկզբունքներուն շուրջ: Ան ընդգծեց, որ խօսքը երեք հիմնարար սկզբունքներուն կը վերաբերի. ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկել, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք:
Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ այս սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան հասնելէ ետք կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ բանակցութիւններու նոր հանգրուանի մը: Ըստ անոր, սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւնը միայն բանակցութիւններուն սկիզբն է եւ ոչ թէ վերջը:








All the contents on this site are copyrighted ©.